Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդ. Անյապաղ Կազմել Կառավարութիւն Մը, Որ Կարենայ Դիմագրաւել Երկրին Դէմ Սպառնացող Մարտահրաւէրները

August 2, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որմէ ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, խորհուրդը ցաւ յայտնեց, որ աւելի քան երկու ամիսէ ի վեր խորհրդակցութիւնները կառավարութեան կազմութեամբ չեն արդիւնաւորուած, իսկ երկրին տնտեսական կացութիւնը աւելի եւս վատթարացած է, մինչ շրջանային ճակատագրական զարգացումները կը յամենան:

Խորհուրդը անհրաժեշտ նկատեց անյապաղ կազմել կառավարութիւն մը, որ կարենայ դիմագրաւել երկրին դէմ սպառնացող մարտահրաւէրները եւ յանգիլ համաձայնութեան մը, որուն հիման վրայ պէտք է պայքարիլ երկրին մէջ փտածութեան դէմ:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը անդրադարձաւ հաշիշի մշակումը օրինականացնելու մասին շրջանառութեան մէջ դրուող տեսակէտներուն` հաստատելով, որ առողջապահական նպատակներով անոր գործածութիւնն ու Պեքաայի բարգաւաճումը ապահովող ենթադրեալ այս ծրագիրին գործադրութիւնը կրնան շատ վտանգաւոր ըլլալ ընկերային եւ բարոյական իմաստով:

Խորհուրդը շեշտեց, որ հաշիշի մշակման մասին օրինագիծերը պէտք է լաւ սերտուին եւ ճիշդ որոշումներ տրուին, որպէսզի լիբանանեան ընկերութեան մէջ աւերներ չգործուին:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը գոհունակութիւն յայտնեց Հելսինքիի վեհաժողովէն բխած որոշումին համար, որուն լոյսին տակ կը կազմակերպուի սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձը` հսկողութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Ռուսիոյ, գործակցութեամբ Լիբանանի եւ Սուրիոյ կառավարութիւններուն հետ:

Խորհուրդը կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն 15 օգոստոսին մասնակցելու Ս. Աստուածածինի տօնին առիթով մատուցուելիք պատարագին:

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Միքաթին

Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` ընդգծելով կառավարութեան կազմութեան անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ դժբախտաբար Լիբանանի մէջ մարդիկ կը խօսին չափաբաժիններու մասին եւ ոչ թէ ատակութեան, ինչպէս նաեւ չեն անդրադառնար ապագայ քաղաքական ուղեգիծերու:

Միքաթի նշեց, որ Ռայի պատրիարքը մտահոգ է Լիբանանի մէջ քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ կրթական մարզերուն մէջ արձանագրուած նահանջին մասին:

Միքաթի շեշտեց, որ ոչ ոք կրնայ վարչապետը զգուշացնել` հաստատելով, որ վարչապետը նշանակուած է խորհրդարանի մեծամասնութեան առաջադրումով եւ կ՛աշխատի կազմել կառավարութիւն մը, որ ի վիճակի է դիմագրաւելու Լիբանանին սպառնացող մարտահրաւէրները:

Միքաթի հաստատեց կառավարութեան մէջ քաղաքական բոլոր ուժերն ու խորհուրդները ներկայացնելու կարեւորութիւնը:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Բանակի Հիմնադրութեան 73-ամեակին Առիթով Շնորհաւորութիւնները Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Պըրրի. «Սահմանադրութեան Թիւ 69-րդ Յօդուածը Խորհրդարանին Իրաւունք Կու Տայ Նման Կացութեան Պարագային Օրէնսդրական Աշխատանք Կատարելու»

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.