Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճամբարը` Հայրենիքի Եւ Սփիւռքի Միջեւ Կապերը Սերտացնելու Միջոց

July 31, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յուլիս 23-էն Արցախի Ասկերան քաղաքին մէջ կը գործէ ՀՅԴ պատանեկան ճամբար, որուն կը մասնակցին 150 պատանիներ: Ճամբարի ընդհանուր պատասխանատու, ՀՅԴ Լիբանանի Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամ Կիրօ Գարավարդանեանի խօսքով, պատանիները մեծ խանդավառութեամբ կը մասնակցին ճամբարի առօրեային, կը լսեն դասախօսութիւնները եւ կը սորվին հայրենասիրական երգերը: «Երեխաներուն հետ աշխատելով, խօսելով արդարութեան մասին` կը ցանկանք զանոնք մասնակից դարձնել մեր միութիւններու աշխատանքներուն», նշած է ան:

Լիբանանի ԶՈՄ-ը տարիներէ ի վեր ճամբարներ կը կազմակերպէ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Այս տարի այդ նպատակով հայրենիք ժամանած են 15 երիտասարդներ, որոնք բաժնուած են երեք խումբի. երկուքը` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, մէկը` Արցախի: Ճամբարի ծրագիրը այս տարի որոշակի փոփոխութեան ենթարկուած է. անիկա պիտի տեւէ մէկ շաբաթ: Երեխաները առաւօտեան 9:00-էն մինչեւ 14:00-ը կը ծանօթանան հայոց պատմութեան ուշագրաւ դրուագներուն, կը սորվին երգեր ու պարեր, կը խաղան եւ ձեռային աշխատանքներով կը զբաղին:

Ըստ ճամբարի վարիչ Նարէ Աղասարգիսեանին, ծրագիրին նպատակը սփիւռքի եւ հայրենիքի միջեւ սերտ կապեր ստեղծելն է: «Զբօսաշրջութեան ծրագիրով այստեղ գալով` չենք կրնար հասկնալ, թէ ի՛նչ իրականութեան մէջ կ՛ապրի Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդը: Ճամբարը առիթ կը ստեղծէ, որպէսզի մօտիկէն հաղորդակցինք այստեղի մեր  հայրենակիցներուն հետ, տեսնենք անոնց առօրեան, իմանանք դժուարութիւններուն մասին և մեր փորձառութիւնը փոխանցենք անոնց», ըսած է Նարէն:

Նարէն կը նշէ, որ երեխաները մեծ սիրով կը յաճախեն ճամբար, շատ ընկերասէր են ու բարի եւ, տեսնելով անոնց սէրը, ինքը ա՛լ աւելի մեծ պատասխանատուութեամբ կը մօտենայ իր գործին:

Յուլիս 28-ին տեղի ունեցաւ ճամբարի փակման արարողութիւնը: Ճամբարի աւարտական հանդէսին ներկայ էին` ՀՅԴ Ասկերանի կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալեոշա Գաբրիէլեանը, Ասկերանի շրջվարչակազմի ղեկավար Գեղամ Բեգլարեանը, ասկերանցիներ, հիւրեր: Պատանիները ներկաներուն առջեւ հանդէս եկան մէկ շաբաթուան ընթացքին իրենց սորված երգերով, պարերով,  ասմունքներով, թատերական եւ մարզական ելոյթներով:

Ալեոշա Գաբրիէլեանը կարեւոր նկատած է Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը, որուն շնորհիւ  միայն կրնանք նորանոր յաջողութիւններ արձանագրել պետական շինարարութեան գործին մէջ: «Ամրան մեր երեխաները սրտի թրթիռով կը սպասեն սփիւռքի մեր հայրենակիցներու ժամանելուն, անոնց կազմակերպած ճամբարներուն: Իսկ սփիւռքի մեր հայրենակիցները ամբողջ տարուան ընթացքին կ՛աշխատին` լուծելու նիւթական եւ կազմակերպական հարցերը: Անոնց համար ամենամեծ հաշուետուութիւնը այսպիսի յաջողած ճամբարն է», իր խօսքին մէջ նշած է Ալեոշա Գաբրիէլեանը:

Լիբանանէն մեկնած 5 հոգինոց խումբը յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին կը շարունակէ աշխատանքը` այս անգամ Ասկերանի ՀՅԴ պատանեկան միութեան անդամներուն հետ:

Նախորդը

Անդրադարձ. Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները (Ա.)

Յաջորդը

Արցախեան Տագնապ. Երեւանէն Եւ Ստեփանակերտէն Կարծր Կեցուածք` Պաքուի Յարձակողապաշտ Քաղաքականութեան Դէմ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.