Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Իպրահիմի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Վերաբերող Հարցեր

July 25, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող հարցերը:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ատուան շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով ոչ մէկ զարգացում արձանագրուած է` աւելցնելով, որ մինչ ամբողջ երկիրը կը սպասէ նոր կառավարութեան կազմութեան ամէն ինչ տեղքայլի մէջ է, նոյնիսկ տնտեսական եւ ելեւմտական կացութիւնը, որ իր լաւագոյն վիճակին մէջ չի գտնուիր:

«Լիբանանցին բազմաթիւ տագնապներ կը դիմագրաւէ, իսկ կառավարութիւնը կը գտնուի անել կացութեան մէջ: Քաղաքական ուժերը իրենց կարգին այդ վիճակին պատասխանատուութիւնը իրարու կը վերագրեն: Մինչդեռ կառավարութեան կազմութիւնը պէտք չէ դժուար ըլլայ, եթէ այդ աշխատանքը կատարուի երեսփոխանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն հիման վրայ», ըսաւ ան:

Ատուան նշեց, որ իրենք կառչած կը մնան երկրին սահմանադրութեան եւ կը յարգեն վարչապետ Սաատ Հարիրիի ճիգերը` կառավարութեան կազմութեան գծով:

Ան հաստատեց, որ իրենք համաձայն են, որ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ պայմանները կարիք ունին ազգային միասնականութեան ու համախոհական կառավարութեան:

Անդրադառնալով սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին` Ատուան նշեց, թէ բոլոր լիբանանցիները կը փափաքին, որ իրենց եղբայր սուրիացի տեղահանուածները տուն դառնան:

Միւս կողմէ, Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ Սուրիոյ հետ գործակցութեան եւ համադրումի խիստ անհրաժեշտութիւն գոյութիւն ունի բոլոր մարզերուն մէջ, ի մասնաւորի տեղահանուածներու տունդարձին պարագային:

Ան ըսաւ, թէ Սուրիոյ հետ չգործակցելու արտայայտութիւնները հեգնական են եւ պէտք է վերջ գտնեն:

Ան հաստատեց նաեւ, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին առումով ռուսական դերակատարութիւնը ողջունելի է:

Պըրրի աւելցուց, որ ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան այսօր պիտի այցելէ Դամասկոս` ընդգծելով, որ Լիբանանի ու Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն վերահաստատումը կարեւոր է եւ Լիբանանի գերագոյն շահերուն կը համապատասխանէ:

Նախորդը

Հանրութեան Ցամաքային Փոխադրութեան Միջոցներու Համադաշնակցութիւնը Այսօր Պիտի Գործադրէ Բողոքի Ցոյց Մը

Յաջորդը

Թերզեան. «Լիբանանահայութիւնը Միշտ Ալ Զօրակցած Է Երկրին Ապահովական Կայունութեան, Քաղաքացիական Անվտանգութեան Եւ Լիբանանեան Համերաշխութեան Ամրապնդումին»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.