Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ` երկուշաբթի, 23 յուլիսին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեանը: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Քննարկուած են հայկական երկու պետութիւններու տնտեսական համագործակցութեան եւ զբօսաշրջութեան զարգացման վերաբերող շարք մը հարցեր:
Հանդիպումին մասնակցած են Արցախի Հանրապետութեան տնտեսութեան եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարար Լեւոն Գրիգորեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան:



