Քրեմլինի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, թէ երէկ` երկուշաբթի, 23 յուլիսին տեղի ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:
Պետութիւններու ղեկավարները քննարկած են Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:



