Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Եգիպտոսի Ազգային տօնին` Յեղափոխութեան օրուան առիթով, շնորհաւորական ուղերձ յղած է նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիին:
Նշելով, որ հայ-եգիպտական դարաւոր յարաբերութիւնները միշտ յատկանշուած են առանձնայատուկ ջերմութեամբ եւ անմիջականութեամբ, նախագահ Սարգսեան համոզմունք յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ բազմաբնոյթ համագործակցութիւնը պիտի շարունակէ իր բնականոն զարգացումը:
Հայաստանի նախագահը Եգիպտոսի նախագահին մաղթած է քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւն, իսկ եգիպտացի բարեկամ ժողովուրդին` յարատեւ խաղաղութիւն եւ բարեկեցութիւն:



