Իմաստուն Խօսքեր
– Բարձր դիրքեր ունեցող մարդերը երիցս գերի են. գերի պետութեան, գերի հռչակի եւ գերի` աշխատանքի: Ո՛չ մէկ ազատութիւն ունին: Ո՛չ իրենց գործերուն մէջ ազատութիւն ունին եւ ո՛չ ալ` իրենց ժամանակը տրամադրելու մէջ: Բարձր դիրքի հասնիլը յոգնեցուցիչ է, եւ մարդիկ տքնելով կը հասնին տեղ մը, ուր աւելի՛ շատ պէտք է տքնին:
Ֆրանս Պէյքըն
– Պատմութիւնը օգտակար է ո՛չ թէ անոր համար, որ տեղեկութիւններ կու տայ անցեալին մասին, այլ` անո՛ր համար, որ ուղեցոյցի եւ ուսուցիչի դեր կը կատարէ ապագային համար:
– Երբ ուրիշներէ չես ուզեր ամչնալ, դուն քեզմէ ամչցիր:
– Համբաւը արժէքի երաշխիք չէ միշտ:
– Բանտերը գոց են գիշեր ցերեկ, սակայն միշտ լեցուն են:
Եկեղեցիները բաց են միշտ, սակայն պարապ են:
– Աշխարհի ամէնէն հեռաւոր երկիրներուն մէջ ալ ազգական կը գտնեն հարուստները:
Աղքատները իրենց թաղերուն մէջ անգամ չեն գտներ:
– Շատ մը կիներ կը կարծեն, որ սիրահարի մը տիրանալով` կրնան սէրը ճանչնալ, ճիշդ ինչպէս որ շատ մը երիտասարդներ քանի մը տող գրելով` կը կարծեն բանաստեղծ ըլլալ:
– Այր մարդուն կեանքը` փառքն է, կնոջ կեանքը` սէրը:
80.000 Լ. Ոսկիի Գնահատելի Նուիրատուութիւն Մը
Ընկ. Յ. Տէր Մելքոնեանի Կողմէ
Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք, որ ընկ. Յակոբ Տէր Մելքոնեան, նախանձախնդիր` հայ մշակոյթի եւ մասնաւորաբար հայ թատրոնի զարգացման, 80,000 լ. ոսկիի խիստ գնահատելի նուիրատուութիւն մը կ՛ընէ ի նպաստ Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տունի թատերասրահի սարքաւորման աշխատանքներու աւարտման:
Այս նուիրատուութեան շնորհիւ` մօտ ատենէն կարելի պիտի ըլլայ աւարտել սրահին սարքաւորումը եւ Պուրճ Համուտը օժտել արդիական թատերասրահով մը, որ իր բարերար դերը պիտի կատարէ հայկական այս հոծ շրջանին մէջ:
Այս առթիւ, առ ի գնահատութիւն այս ազնիւ արարքին, որոշուած է յիշեալ սրահը կոչել իր անունով` Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահ:
«Քեզ Մնաց Ամբողջ Աշխարհը»
Երկու շաբաթ առաջ մեր մամուլին մէջ երեւցաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան մէկ զեկոյցը` ի մասին ֆրանսաբնակ ազգայինի մը 43 հազար լ. ոսկիի նուիրատուութեան:
Այսօր սրտայոյզ ուրիշ զեկոյց մը` ահաւասիկ. Յակոբ Տէր Մելքոնեանի 80 հազար լ. ոսկի նուիրատուութեան լուրը:
Առաջինը եղած էր Փալանճեան ճեմարանին, երկրորդը` Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տունի թատերասրահի շինութեան ֆոնտին:
Երկու շաբթուան մէջ երկու մեծ նուէրներ` երկու կենսատու օճախներու:
Ազնուարիւն այս անձնաւորութիւններուն արարքները երեւոյթ մը չեն կազմեր, կը կազմեն, սակայն, երեւոյթի մը երկու պայծառ օղակները: Իր վաստակէն ազգին բաժին հանելու հրճուանքը, ըսա՛ծ ենք անպայման ուրիշ անգամ, հայ մարդու նկարագրին էական գիծերէն մէկն է: Ուրիշին ընծայուածը սեփական հարստութիւն համարելու տրամադրութիւնը բանաստեղծական տող չէ միայն մեզի համար, կեանքի ըմբռնում է մանաւանդ, ժառանգական ակօսներէ եկած բխում:
Նայեցէք ձեր շուրջն ու հեռուն: Սփիւռքի տարածքին վրայ Անթիլիաս ունինք, Երուսաղէմ, ունինք, Ս. Ղազար, Վիեննա, Զմմառ, ազգային գանձերն ու ազգը պահող բաբախուն ուրիշ հարիւրաւոր կեդրոններ` դպրոց, ակումբ, մամուլ որոնց գոյութեան ու բարգաւաճման համար հայ ունեւորներուն բերած մասնակցութեան լուրերը հազուադէպ լուրեր չեն:
Մեզի պակսած պետական միջոցները փոխարինող նպաստներ են մեր ունեւորներուն կտակները, բայց կարեւորը այդ չէ, անոնց մղիչ ազդակն է կարեւորը, մասնակցելու, նուիրելու, «տուածով» հարստանալու անդիմադրելի ապրումը:
Իր վաստակը մեզ ուրիշներէն անջատող աղօթքի, գիրի, երգի, արուեստի տաճարներուն ընծայաբերելու հայ ունեւորին այս բուխ տրամադրութիւնը նոյնքան խոր ու մարդկային ուրիշ շարժառիթ մը չունի՞ արդեօք. մեզ կոտորակած, տարտղնած ոսոխէն վրէժ առնելու ձեւ մը չէ՞ նորէն:
Համազգայինի թատերասրահին հաշուոյն Յակոբ Տէր Մելքոնեանի կատարած շռայլութիւնը մենք պիտի ուզէինք գնահատել հետեւեալ պատկերով.
Հայաստանի արձակին մէջ նոր յայտնուած դէմքերէն գուցէ ամէնէ՛ն օժտուածը` Գէորգ Արշակեան, «Սովետական գրականութիւն» (1964) ամսաթերթին մէջ «Նրա աշխարհը» անուն պատմուածք մը ունի: Նոր մանկապարտէզ գացող իր տղուն հոգին կազմելու նախանձախնդիր մայր մը օթոպիւսի տոմսակներ կ՛առնէ, խնձոր անունը կու տայ տոմսակներուն ու կը պատուիրէ տղուն, որ բոլորը յանձնէ ընկերներուն: Երեկոյեան մանկապարտէզի դրան մօտ կը հանդիպին իրարու.
– Ես իմ բոլոր խնձորները բաժանեցի, մայրի՛կ,- ասաց տղան:
– Լաւ արեցիր:
– Ինձ ոչինչ մնաց, մայրի՛կ,- վշտացաւ տղան:
– Քեզ մնաց ամբողջ աշխարհը:
Ա՛յս է: Աշխարհին տիրելու այս ոճը բոլորովին ցեղային ոճ է: Յակոբ Տէր Մելքոնեան եւ կեանքը նոյն արժեչափերով կշռող մեր միւս մեծատունները ներկայացուցիչներն են այդ ոճին: Անոնք «բաժանեցին» իրենց ունեցածը այլոց ու իրենց «մնաց ամբողջ աշխարհը», աշխարհի քաղցրութիւնները զգալու անսպառ վայելքը:
Պ. Ս.
