Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թրքական Արտադրութիւններու Ներածումը Արգիլելու Որոշումին Նպատակն Է Պաշտպանել Լիբանանեան Արտադրութիւնները» Շեշտեց Ռաէտ Խուրի

July 23, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի ընդունեց սննդեղէնի ներածման սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Հանի Պոհսալիի:

Հանդիպումին ընթացքին Պոհսալի մտահոգութիւն յայտնեց նախարար Խուրիին` անոր կողմէ անցեալ ամսուան ընթացքին տրուած այն որոշումին մասին, որ կ՛արգիլէ թրքական արտադրութիւններուն ներածումը:

Խուրի շեշտեց, որ իր որոշումը ոչ ոք թիրախ կը դարձնէ, այլ տրուած է պաշտպանելու համար լիբանանեան արտադրութիւնները եւ լիբանանեան ճարտարարուեստը, ինչպէս նաեւ կ՛օժանդակէ լիբանանեան արտադրութիւններու բարգաւաճման եւ լիբանանեան տնտեսութեան ամրապնդումին:

Խուրի հաստատեց, որ սննդեղէն ներածողները պէտք է համակերպին նախարարութեան կողմէ սննդեղէնի ներածումը արգիլող որոշումին, որովհետեւ անիկա կը նպաստէ լիբանանեան տնտեսութեան շահերուն եւ կը նուազեցնէ առեւտուրի մարզին մէջ արձանագրուած նիւթական բացը:

Ան ընդգծեց, որ իր նախարարութեան տուած այս որոշումը կարգ մը երկիրներու վրայ դրական ազդեցութիւն ունեցաւ` նկատի ունենալով, որ անոնք որոշեցին յաւելեալ լիբանանեան արտադրութիւններ ներածել` առաջքը առնելու համար իրենց հաշուոյն տրուելիք արգիլումի այլ որոշումներու, ինչպէս էր պարագան թրքական արտադրութիւններուն:

Սենտիքայական պատուիրակութիւնը նախարար Խուրիէն խնդրեց զինք նկատի ունենալ այն յանձնախումբին մէջ, որ հետագային նման որոշումներ պիտի տայ: Իր կարգին Խուրի ըսաւ, թէ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ արաբական եւ եւրոպական կարգ մը երկիրներու հետ միջազգային համաձայնութիւնները բարեփոխելու` ապահովելու համար Լիբանանի շահերը:

Միւս կողմէ, Խուրի շաբաթավերջին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց լիբանանեան արտադրութիւններուն Սուրիա արտածումին վերահաստատումը, ինչպէս նաեւ Նուսայպի անցքով այդ արտադրութիւնները Սուրիայէն Յորդանան փոխադրելու կարեւորութիւնը:

Խուրի շեշտեց, որ պէտք է անպայման Սուրիոյ հետ համաձայնութեան մը յանգիլ, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանեան արտադրութիւնները Միջին Արեւելքի շուկաները հասցնել: Ան յոյս յայտնեց, որ այս անցքը դարձեալ կը բանի` աւելցնելով, որ Սուրիոյ պատերազմին պատճառով արտածուող լիբանանեան արտադրութիւնները 35 առ հարիւրով նուազեցան:

Խուրի նշեց, որ ինք տակաւին չի գիտեր, եթէ Սուրիոյ հետ խորհրդակցութիւնները պիտի ըլլան երկու պետութիւններուն միջեւ կամ ապահովական կառոյցներուն միջեւ, «սակայն այդ խորհրդակցութիւնը ի՛նչ մակարդակով, որ ալ ըլլայ, կարեւոր է, որովհետեւ Լիբանանի տնտեսական շահերը առաջնահերթութիւն են», հաստատեց ան:

 

Նախորդը

Պասիլ Ասմարի Հետ Քննարկեց Լիբանանցիներուն Տանջանքը

Յաջորդը

Հարիրի Կ՛ողջունէ Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Մասին Մոսկուայի Ծրագիրը

RelatedPosts

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ  Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ  Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»

November 5, 2026
Հըզպալլա Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Հըզպալլա Կը Հերքէ

November 5, 2026
Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ճակատումին Մէջ Ներքաշելու Որոշումը Հըզպալլայի Ձեռքն Է»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.