Իբրեւ հակազդեցութիւն իսրայէլեան Քնեսեթին վաւերացուցած «Հրեայ ժողովուրդի ազգային պետութիւն» օրէնքին, երէկ Լիբանանի իշխանութեան պետերն ու քաղաքական տարբեր ուժեր պաշտօնապէս դատապարտեցին այդ օրէնքը` զայն նկատելով պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ գործուած նոր բռնարարք:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ այսպէս կոչուած «Հրեայ ժողովուրդի ազգային պետութիւն» օրէնքը պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ նոր յարձակում է եւ անոր ազգային ինքնորոշման ու մայրաքաղաք Երուսաղէմով անկախ պետութեան իրաւունքին դէմ գործուած ոտնձգութիւն:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ այս օրէնքը կը ջնջէ պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձի իրաւունքը, ինչ որ ՄԱԿ-ի բանաձեւերուն, յատկապէս թիւ 194 բանաձեւին յստակ խախտում կը նկատուի:
Նախագահ Աուն նշեց, թէ օրէնքին յօդուածները, որոնց համաձայն, Իսրայէլի իրաւունքն է պաշտպանել հրեայ ժողովուրդին անվտանգութիւնը, բացայայտ ցեղապաշտութիւն կը նկատուին եւ կը փաստեն, թէ Իսրայէլ ժողովրդավարական երկիր մը չէ, ինչպէս նաեւ անոնք պաղեստինեան գոյութեան դէմ վտանգաւոր արարքներ որդեգրելու առիթ կու տան:
Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց պաղեստինցիներուն համախմբուելու եւ քաղաքական տարակարծութիւնները մէկդի դնելու` դիմադրելու համար իրենց գոյութեան սպառնացող այս բռնարարքին: Ան հարց տուաւ, թէ արդեօք ժամանակը չէ՞ հասած, որ միջարաբական միասնականութիւն իրականանայ իսրայէլեան գոյացութեան դէմ` պաշտպանելու համար Պաղեստինը եւ պաղեստինցի եղբայր ժողովուրդը:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ միջազգային ընտանիքին լռութիւնը` իսրայէլեան այս արարքներուն նկատմամբ, պէտք է մղէ, որ համաարաբական միասնականութեամբ պայքար մղուի պաղեստինեան իրաւունքին ի խնդիր, այլապէս պատմութիւնը արաբական լռութիւնը համազօր պիտի դարձնէ Իսրայէլի կողմէ պաղեստինեան հողերուն եւ պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքներուն դէմ ոտնձգութեան:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին դատապարտեց «Հրեայ ժողովուրդի ազգային պետութեան» օրէնքը` զայն նկատելով Պաղեստինեան իշխանութեան եւ պաղեստինցիներուն դէմ գործուած նոր բռնարարք մը, որ վտանգաւոր է եւ կը սպառնայ պաղեստինցի ժողովուրդին պաղեստինեան պետութիւն մը ունենալու արդար իրաւունքին:
Պըրրի շեշտեց, որ այդ օրէնքի որդեգրումը բացայայտ ականահարումն է 1948-ին ՄԱԿ-ի հրապարակած Մարդկային իրաւունքներու ուխտին, ինչպէս նաեւ կը ջրէ ցեղային խտրութեան դէմ 1965-ին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին որդեգրած թիւ 2106 բանաձեւը:
Պըրրի իր եւ Լիբանանի խորհրդարանին անունով դատապարտեց Քնեսեթի որդեգրած «Հրեայ ժողովուրդի ազգային պետութիւն» օրէնքը` զայն նկատելով Պաղեստինը հրէականացնելու եւ հոն գոյութիւն ունեցող արաբական մշակութային բոլոր հետքերը եւ արաբերէն լեզուն ջնջելու իսրայէլեան կանխամտածուած ծրագիր:
Պըրրի շեշտեց, որ արաբական միասնականութիւնը եւ Դիմադրութիւնը այդ օրէնքին դէմ պայքարելու հզօրագոյն զէնքն է:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց Քնեսեթի վաւերացուցած օրէնքը` զգուշացնելով պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձին վրայ անոր ունենալիք հետեւանքներէն:
Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա դատապարտեց «Հրեայ ժողովուրդի ազգային պետութեան» օրէնքը` հաստատելով, որ պէտք է հաւատալ երկու պետութիւններու հաստատման լուծումին: Ան ընդգծեց, որ պաղեստինցի ժողովուրդը իր արդար իրաւունքը պիտի չզիջի եւ պիտի չարտօնէ, որ իր բռնագրաւուած հողերը իւրացուին Իսրայէլի կողմէ:
Հըզպալլայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ խստիւ դատապարտուեցաւ իսրայէլեան Քնեսեթի որոշումը` հաստատելով, որ «Հրեայ ժողովուրդի ազգային պետութիւն» օրէնքին նպատակն է արգիլել պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձը եւ թաղել Պաղեստինեան դատը:
Մուսթաքպալ հոսանքը իր կարգին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ «Հրեայ ժողովուրդի ազգային պետութիւն» օրէնքը ցեղապաշտութեամբ ծանօթ թշնամի Իսրայէլի պատմութեան մէջ պիտի արձանագրուի իբրեւ նոր բռնարարք:



