Երեքշաբթի, 17 յուլիսին Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին փոխվարչապետ Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցելութեամբ հանդիպում ունեցած է ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի ներկայացուցիչներուն հետ` քննարկելու հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման կարելիութիւնները:
Հանդիպումին, փոխվարչապետին հետ ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան իր գործընկերները եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան:
Կողմերը քննարկած են շրջանային մարտահրաւէրներու եւ սպառնալիքներու հետ կապուած հարցեր: Քննարկումի օրակարգին վրայ էին նաեւ Արցախի անվտանգութեան, Հայոց ցեղասպանութեան հարցը, նաեւ հայ-ամերիկեան քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական յարաբերութիւններու աշխուժ զարգացման հեռանկարները:



