Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (21 Յուլիս 1968)

July 21, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընթերցումներուս Հետ

«Ուռկանը»

Հեղինակ` Յ. Գեղարդ

Յ. Գեղարդ նոր հատորով մը հրապարակ իջաւ այս տարի: Տասնվեց պատմուածքներով կազմուած, մաքուր եւ խնամուած տպագրութեամբ գեղեցիկ գիրք մը` «Ուռկանը», որ գրական որոշ խառնուածքի մը, զարգացման մէկ աստիճանին արգասիքը կը կազմէ, որովհետեւ հեղինակը անծանօթ դէմք մը չէ սփիւռքահայ գրականութեան մէջ: Այս քանի մը հատորով լոյս ընծայած է արդէն իր գրական վաստակը առանց հաշուելու անշուշտ այն գրական-գեղարուեստական աշխատանքները, որոնց կը հանդիպինք երբեմնի «Ակօս»-ի կամ ներկայի` «Բագին»-ի ու «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ:

Յ. Գեղարդի համար գրականութիւնը ո՛չ միայն ապրում է, այլ նաեւ աշխատանք, ստեղծագործութիւն, եւ իր այս նոր հատորի վերջին էջին վրայ արդէն կը կարդանք այլ չորս հատորներու անուններ` «Խաչելութիւն» (քերթուածներ), «Սիրոյ եւ մեղքի համանուագ» (քերթուածներ), «Հասկցողին շատ բարեւ», (առակներ), եւ «Յիշատակի խնկաման» (ոգեկոչումներ եւ կենդանագրեր), բոլորն ալ` հրատարակելի գործեր:

Յ. Գեղարդ ցարդ գրական քանի մը գլխաւոր սեռ փորձած է` նորավէպ, բանաստեղծութիւն եւ առակագրութիւն: Ան մասնաւոր ճիգ մը ունի` յիշեալ երեք գրական ճիւղերուն մէջն ալ հաւասար չափով դիրք բռնելու: Սակայն իր ներաշխարհին հարազատ դրսեւորում առաւելաբար նորավէպին մէջ կը գտնէ իր լայն ազատութիւնը, թէեւ իր պատկերներուն ճոխութիւնը, նկարագրագեղ, սահուն ու երաժշտական ոճը, ինչպէս նաեւ ընտրութիւնն ու խնամուած դասաւորումը բառերուն` կը մատնեն քնարական բանաստեղծի իր հոգին:

*
*   *

Եթէ «Օտար երդիքներուն տակ» պատմուածքներու հաւաքածոն, դեռ շատ թարմ պատանեկան յորդ զգացումներ արտայայտող կեանքի պատկերներու նկարագրութիւններ են:

Եթէ «Լիբանանեան համանուագ» քերթուածներուն փունջը արաբաշխարհի դրախտանման Լիբանանի բնական գեղեցկութիւններուն արդար գովերգն ու օրհներգն է:

Եթէ «Գայլի Աւետարան» առակներու շարքը, մարդկային բնութեան ու նկարագրի զանազան կողմերուն քննարկումն է:

Ապա ուրեմն «Ուռկանը» լիբանանահայ կեանքի համանուագն է հակառակ իր երեք գլխաւոր բաժանումին, երեք լուսանկարներուն տակ` ա) Մայրիներու շուքին տակ` ա) Մայրիներու շուքին տակ` եօթը պատմուածք: բ) Տօնածառ` հինգ պատմուածք եւ գ) Մասունք` չորս պատմուածք:

Ճիշդ է իւրաքանչիւր պատմուածք մեր կեանքէն առնուած առանձին պատկեր մըն է, սակայն ամբողջական կեանքի մը մէկ մասը կը կազմէ, որովհետեւ հեղինակը ամէն մէկ պատկերին մէջ կը քննարկէ որոշ երեւոյթ մը: Այսպէս, առաջին եօթը պատմուածքներուն մէջ` «Ուռկանը», «Ինքնաշարժին վարիչը», «Ներկարարը», «Երազին աղջիկը», «Երբ կիները չկան», «Անյայտ չարագործը» եւ «Խաղաղութիւն չկայ, նոյնիսկ լաստին վրայ», մեր ընկերային կեանքին զանազան կողմերն են հեղինակին նիւթը, ուր գլխաւոր ձգտումը ցոյց տալ է իտէալապաշտին, պարկեշտին, հաւատարիմին, արդարին եւ աշխատասէրին առաւելութիւնները եւ, հետեւաբար, անհրաժեշտութիւնը` մարդավայել, աւելի ճիշդը` հայավայել կեանքին մէջ:

Երկրորդ գլխու հինգ պատմուածքները` «Կաղանդ պապան սեւամորթ է», «Կաղանդի ծառը», «Ամանորի նուէրը», «Կաղանդչէքը», «Եկուր մե՛զի, Յիսուս Մանուկ»` հեղինակի մանկական կեանքի վերյիշումներն են,

ապրումներն են` մելանուշ զեղումներով, ուր ցոյց կը տրուի նաեւ հայ տիպար ծնողքը: Հայրը` աշխատասէր, բոլոր զոհողութիւնները յանձն առնող` ի խնդիր իր ընտանիքի բարգաւաճ կեանքին: Իսկ մայրը` իր անուշ ժպիտով միշտ, հակառակ կեանքի պայմաններուն բերած բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն:

Իսկ վերջին չորս պատմուածքները` «Պնակ մը կերակուր», «Ննջեցելոց խաղաղութիւն…», «Հրաժեշտը» եւ «Սպասում» մեր ընդհանրական կեանքի, գոյութեան պայքարի որոշ կողմերուն քննարկումն է:

*
*   *

Արդ տասնվեց պատմուածքներու ընթերցումէն ետք աչքի զարնող յատկանշական գիծը ամէնէն առաջ հեղինակին ենթակայական վերաբերումն է իր նիւթին: Ան կ՛ապրի իր ներկայացուցած մեր առօրեան եւ երբեմն կ՛ընդվզի անոր վատ կողմերուն դէմ յանդիման: Յատկապէս երիտասարդութեան` նիւթապաշտ եւ միմիայն խաբուսիկ հաճոյքներուն մէջ, իր երջանկութիւնը փնտռելու հետամուտ տարրին դէմ: Հեղինակը պարկեշտ ընտանիքի անդամը կ՛ուզէ տեսնել իւրաքանչիւր հայ երիասարդին մէջ: Ինչպէս նաեւ հաւատարիմ ու աշխատասէր պարկեշտ հայ հայրը եւ բոլոր զրկանքներուն մէջ` իր ընտանիքին սէրն ու օրհնութիւնը բարձր պահող քնքուշ հայ մայրը:

Յ. Գեղարդ իր այս պատմուածքներով սփիւռքահայ մեր կեանքին ազգային եւ ընկերային գլխաւոր հարցերը կը քրքրէ եւ մեր ազգապահպանումը գլխաւորաբար կը խարսխէ մեր համախումբ գոյակցութեան վրայ: Ան դէմ է` ամէն կարգի կեդրոնախոյս տարրերուն, հեռաւոր երկիրներ գաղթողներուն, որոնք կը ջլատեն մեր ուժերը, կը տկարացնեն մեր գոյութեան պայքարի թափը, որովհետեւ որքան ալ գաղթողը ուզէ հոգիով ամուր մնալ օտար նոր աշխարհներուն մէջ, եթէ հայկական շեշտուած ազգային մթնոլորտի մը մէջ չէ ան, ժամանակ մը ետք անպայման կուլ պիտի երթայ անյայտութեան ովկիանոսին մէջ:

Ասոր համար ալ Յ. Գեղարդ ջերմ պաշտպանն է մեր ազգային հաստատութիւններուն` եկեղեցիին, դպրոցին, ակումբներուն, միութիւններուն, որոնք բոլորն ալ անհրաժեշտ կռուաններն են մեր ազգային գոյութեան: Հետեւաբար ամէն կերպ պէտք է աշխատիլ, որ ատոնք կանգուն մնան, որպէսզի երաշխաւորեն մեր համախումբ կեանքը սփիւռքի այլազան պայմաններուն մէջ:

Այս տեսակէտէն, հեղինակին համար, Լիբանան բացառիկ առաւելութիւններով, գերակայութիւն մը ունի` այլ տեղերուն հետ բաղդատած, ուր յաճախ «Քրտինքին գինը առատութեամբ կը վճարեն», եւ ուր «սէրը առատ է ու շատ աժան»: «Բայց հազուագիւտ է հայը, իսկ հայու հոգին` գրեթէ բացակայ»: Հեղինակին եզրակացութիւ՞նը. «Ամո՛ւր կոխեցէք Լիբանանի հողին: Սրբաշուք մայրիները լաւագոյն հովանիներն են հայու հոգիի անաղարտ պահպանման: Գործը քիչ, դրամը սակաւ, բայց հայութիւնը շատ, աճող թո՛ղ ըլլայ: Այս է ապրելու մեր գերագոյն  հաճոյքը: Քատիլաքէն շուտ կը ձանձրանան մեր հոգիները, երբ Ս. Մեսրոպի կրակը չէ անոր աւիւնը: Հայութիւնը որքան հոծ ըլլայ, յորձանք տայ շուրջդ, այնքան աւելի կ՛իմաստաւորուի սեփական կեանքդ կարծես: Մնացեալները մանր-մունր բաներ են…»:

Այո՛, «մնացեալները մանր մունր բաներ են»: Հայ աշխատասէր բազուկը, ո՛ւր որ երթայ, անպայման իր մարդկային գոյութիւնը կրնայ պահել: Բայց ազգային գոյութի՞ւնը: Մեծ հարցական մը: Մեծ դժուարութիւններ յաղթահարելու անսպառ եռանդ է հարկաւոր…

*
*   *

Յ. Գեղարդի պատմուածքներու ներկայ հատորը ձգտումնաւոր գրականութիւն է: Ան հիմնական նպատակ մը կը հետապնդէ` մեր ազգապահպանումը: Նպատակ մը, որ իրեն կը թելադրուի մեր պայմաններէն: Հեղինակին խոր ազգասիրութիւնը` ապրումի վերածուած իր ներաշխարհին մէջ, գրական-գեղարուեստական նուրբ ճաշակով մը կ՛արտայայտուի իր պատմուածքներուն ընդմէջէն: Ան տեսակ մը քարոզչական գրականութիւն կ՛ընէ, բայց` սովորական տափակութիւններէն բարձր, գրական գեղեցիկ ոճով ու լեզուով:

Յ. Գեղարդ ճապաղութիւններու մէջ չ՛իյնար` հակառակ իր պարզ դարձուածքներուն, որովհետեւ պատմելու, մանաւանդ նկարագրելու մեծ դիւրութիւն ունի: Ան շնորհիւ իր ճոխ լեզուին ու գունագեղ, հեզասահ ոճին` դիւրահաղորդ ջերմութիւն մը կու տայ իր խօսքին եւ անկեղծութիւն ու հարազատութիւն` զգացումներուն:

Եթէ Գ. Զօհրապ տուած է իր ժամանակի «Կեանքը ինչպէս որ է», ապա ուրեմն Յ. Գեղարդ ներկայ պատմուածքներով մեզի կու տայ` լիբանանահայ կեանքը այնպէս, ինչպէս ի՛նք կը տեսնէ, կը զգայ, կ՛ապրի…

*
*   *

Յ. Գեղարդի «Ուռկանը» պատմուածքներէն անուշ յիշատակներ պիտի արթննան ու մնան մեր մէջ, որովհետեւ ատոնք մեր ամէնօրեայ կեանքի հարազատ վկայութիւններէն փրցուած էջեր են:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Արտասովոր Խաղավայրեր

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.