Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի-Յուլիս Բ. – Մեր Երկրին Օրինակը

July 20, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի մէջ իշխանափոխութենէն ետք արագ կշռոյթով զարգացող ժողովրդավարական համակարգը, միջազգային գետնի վրայ Հայաստանի բարձրացող վարկը, բնականաբար պիտի մտահոգեն դրացի Ազրպէյճանը, որովհետեւ պիտի ընդգծեն այնտեղ տիրող մարդու իրաւունքներու ոտնահարման եւ փտածութեան երեւոյթները, փոքրամասնութիւններու նկատմամբ ի գործ դրուող կաշկանդումները եւ խօսքի ազատութեան սահմանափակումը: Այլ խօսքով` եւրոպական համակարգի չափանիշներուն անյարիր համարուող բազմազան երեւոյթները:

Ազրպէյճան ժողովրդավարական գետնի վրայ, նուաճումներու առումով, բաւական ետ մնացած է Հայաստանէն ու Արցախէն: Անոր գխաւոր լծակը յարձակողապաշտ իր քաղաքականութեան շարունակութիւնն է` այն յոյսով, որ Հայաստան ներքին փոփոխութիւններու լոյսին տակ փխրուն կը դառնայ ու հին եւ նոր համակարգերու հակասութիւններու փարատումին ի խնդիր տարտղնելով իր ուժերը` պահ մը երկրորդական կը համարէ Արցախի ու Հայաստանի սահմաններուն անվտանգութիւնը:

Ազրպէյճանի այս քաղաքականութիւնը եւ անոր արդիւնք` Արցախի սահմանին ու Նախիջեւանի մէջ յառաջխաղացք արձանագրելու նկրտումները, սակայն, յստակօրէն կը դիտարկուին հայկական զինուած ուժերուն կողմէ, իսկ յառաջխաղացքի ամէնէն աննշան փորձն իսկ կատարող ազրպէյճանական միաւորներ, հայկական պաշտօնական աղբիւրներու համաձայն, պատասխան հակահարուած կը ստանան, միւս կողմէ` ապատեղեկատուական արշաւներուն դիմաց արթուն կը հսկեն հայկական լրատուամիջոցները:

Արցախի նախագահին հանդիպումները եւս Հայաստանի պետական այրերու եւ ՀՅԴ պատասխանատու անձնաւորութիւններու հետ սահմանի անվտանգութեան պահպանման շեշտադրումը կը կատարեն:

Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ այս քաղաքականութիւնը  արեւմտեան երկիրներուն ուշադրութեան յանձնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, երբ «ՕԹԱՆ»-ի  գագաթնաժողովին մասնակցելու համար Պրիւքսէլ ժամանելէ ետք ե՛ւ լրագրողներու, ե՛ւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու հետ հանդիպումներուն ընթացքին շեշտած է, որ` «Հայաստանի նոր կառավարութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրը կառուցողական քաղաքականութիւնն է: Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական յեղափոխութենէն ետք, դժբախտաբար, Ազրպէյճան աւելի յարձակողական դարձած է, իսկ անոր յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը ոչ միայն Հայաստանի, այլ  ողջ տարածաշրջանի ժողովրդավարութիւնը հարուածող քայլ է»:

Ժողովրդավարական փոփոխութիւնները, փաստօրէն, կրնան քաղաքական առաւելումներ ալ արձանագրել, եթէ ծառայեն երկրի ե՛ւ ներքին, ե՛ւ արտաքին մարտահրաւէրներուն:

Նման առիթներ օգտագործելու առընթեր, սակայն, անհրաժեշտ է նաեւ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը նոյնքան կարեւոր համարէ երկրի ներքին կայունութիւնը, փոխանցման այս փուլին քաղաքական տարբեր ուժերուն դրական փոխազդեցութիւնը, մշակէ տնտեսական զարգացման յստակ ծրագիր, որպէսզի փտածութեան վերացման արշաւին ու երկրի իրաւական դաշտի բարելաւման կողքին, ժողովուրդին կենսամակարդակը զգալիօրէն բարեփոխուի, ու աղքատութեան տոկոսը աստիճանաբար նուազի:

«Գ.»

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (20 Յուլիս 1968)

Յաջորդը

5 Տարբեր Շրջաններ, Մէկ Լեռ

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.