Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բալայեան. «Հայաստանի Եւ Արցախի Միջեւ Պէտք Է Ստորագրուի Ռազմաքաղաքական Համագործակցութեան Համաձայնագիր»

July 19, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ պէտք է մշակուի եւ ստորագրուի ռազմաքաղաքական համագործակցութեան համաձայնագիր: Այս մասին «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Արցախի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան:

«Որպէսզի 2 երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը իրաւական հիմքերու վրայ դրուի, կը կարծեմ, որ նման համաձայնագիրի անհրաժեշտութիւն կայ: Այդ համաձայնագիրը պէտք է ներառէ Հայաստանի ու Արցախի պարտաւորութիւնները, համաձայնութիւնները, քաղաքական համագործակցութեան բնոյթը պատերազմի պայմաններու մէջ, խաղաղութեան ժամանակ կամ լարուածութեան շրջանին», ըսած է Վահրամ Բալայեան:

Ան ըսաւ, թէ ռազմաքաղաքական համագործակցութեան համաձայնագիրի պարագային հակառակորդը կը հասկնայ, որ Արցախն ու Հայաստանը մէկ երկիր են:

«Այս պահուն մենք յառաջ կը շարժինք Արցախը միջազգային, իրաւական տեսանկիւնէն ճանչնալ տալու ճամբով: Պէտք է որոշակի իրաւասութիւններու եւ պարտականութիւններու տարանջատում ըլլայ, որպէսզի միջազգային հանրութիւնն ալ հասկնայ, որ 2 պետութեան կենսական շահն է իրարու հետ համագործակցիլը: Վստահաբար, ասիկա չի նշանակեր, որ Հայաստանի ու Արցախի միջեւ այսօր համագործակցութիւն չկայ, բայց կը կարծեմ, որ նման համաձայնագիր մը նոր լիցք պիտի հաղորդէ մեզի», նշած է Վահրամ Բալայեան:

Վ. Բալայեան ըսած է, թէ համաձայնագիրը կրնայ իր մէջ ուղերձ պարունակել, որ հետագային կայ Արցախը Հայաստանի կողմէ ճանչնալու պատրաստակամութիւն:

«Ասիկա նաեւ կը նպաստէ միջազգային ճանաչման գործընթացի աշխուժացման, որովհետեւ օտարներն ալ պիտի տեսնեն, որ Հայաստանը պատրաստակամութիւն ունի նման ճամբայ անցնելու», ըսած է ան:

Վահրամ Բալայեանի համաձայն, Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ  Արցախի անկախութիւնը ճանչնալէ ետք բանակցային գործընթացին  համար որոշակի խոչընդոտներ պիտի յառաջանան, լարուածութիւնը կրնայ մեծնալ, բայց պատերազմը, անոր կարծիքով, պետութիւններու  պատրաստուածութենէն կախեալ է:

«Մեր երաշխիքը հայկական բանակն է, ժողովուրդն է, որ միասնական է»,  աւելցուց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի  փոխնախագահը:

 

Նախորդը

Արցախի Մէջ. Նախագահ Սահակեան Աշխատանքային Խորհրդակցութիւն Ունեցած Է Պաշտպանութեան Բանակի Բարձրագոյն Հրամանատարական Կազմին Հետ

Յաջորդը

Համբարձումեան. «ՀՅԴ-ն Ընտրութիւններուն Պիտի Մասնակցի Առանձին, Իր Ծրագիրով»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ

November 5, 2026
Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.