Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան 18 յուլիսին այցելած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւն եւ աշխատանքային խորհրդակցութիւն ունեցած է պաշտպանութեան բանակի բարձրագոյն հրամանատարական կազմին հետ:
Քննարկուած են բանակաշինութեան, զինուած ուժերուն առջեւ դրուած շարք մը առաջադրանքներու կատարման վերաբերող հարցեր:
Քննարկուած են նաեւ վերջին շրջանին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանագիծին կատարուած այցելութիւնները, առաջնագիծի ամրապնդման, զինուորներու ծառայութեան պայմաններու բարելաւման ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքներու ընթացքը:
Համապատասխան զեկուցումով հանդէս եկած է պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան:
Նախագահը ընդգծած է, որ բանակաշինութիւնը, պաշտպանութեան բանակի մարտունակութեան հետեւողական բարձրացումը եղած են եւ կը մնան պետութեան կարեւորագոյն խնդիրներու շարքին` յստակ յանձնարարականներ տալով քննարկուած հարցերու պատշաճ լուծման ուղղութեամբ:



