Պատրաստուելու համար «Փրեմիեր լիկ»-ի 2018-2019 տարեշրջանին, անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ֆութպոլի խումբը մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ` նախորդ տարիներուն նման այդտեղ յատուկ բանակում կատարելու համար:
Խումբին չիլիցի յառաջապահ Ալեքսիս Սանչես չկրցաւ իր խմբակիցներուն հետ մեկնիլ Միացեալ Նահանգներ` նկատի ունենալով, որ անոր մուտքի արտօնագիր չեն տուած:
«Պի. Պի. Սի.» կը յայտնէ, որ Սանչես նախորդ փետրուարին խնդիրներ ունեցած է Սպանիոյ հարկային մարմիններուն հետ եւ այդ իսկ պատճառով մուտքի արտօնագիր չէ ստացած:
Յառաջապահին փաստաբանները թէեւ այժմ կը փորձեն հարցերը դասաւորել, սակայն Եունայթըտ առանց Սանչեսին մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր նախատեսուած են քանի մը ֆութպոլի բարեկամական մրցումներ:
20 յունիսին Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած կազմը իր առաջին բարեկամական մրցումը պիտի կատարէ մեքսիքական Ամերիքա խումբին դէմ:



