Ռէալ Մատրիտէն իտալական Եուվենթուսին միացած փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, նախորդ շաբաթավերջին հասնելով Իտալիա, ենթարկուեցաւ բժշկական յաջող քննութիւններու:
Ինչպէս ծանօթ է, 33 տարեկան ֆութպոլիստը Եուվենթուսի հետ կնքեց 4 տարուան պայմանագրութիւն մը:
Իր նոր խմբակիցներուն հետ ծանօթանալէ ետք, Ռոնալտօ կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը, որ հրապարակեց «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին պաշտօնական կայքը. «Արձակուրդի տրամադրութիւն երբեք չունիմ: Միշտ ալ ուզած եմ տիտղոսներու տիրանալ: Այժմ գլխաւոր նպատակս է նկատելի հետք մը ձգել Եուվենթուսի պատմութեան մէջ»:



