«Տէյլի Մէյլ» կը յայտնէ, որ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ֆութպոլի ակումբը բաւական մօտէն հետաքրքրուած է Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող 2 ֆութպոլիստներով:
Անոնք են` Ինթեր Միլանի 29 տարեկան միջնապահ Իվան Փերիշիչ եւ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի 24 տարեկան յետսապահ Անթէ Ռեպիչ:
Նշուեցաւ, որ երկու ֆութպոլիստներուն փոխանցումին համար փորթուգալցի Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած խումբը պատրաստ է վճարելու 92 միլիոն փաունտ:
Յիշեցնենք, որ 2018-ի մոնտիալին փոխախոյեան հանդիսացած Խրուաթիա հայրենիք իր վերադարձին արժանացաւ շատ մեծ ընդունելութեան:



