Հզօր Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ ինք չի հաւատար կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող արգելքներու: Ան ըսաւ, թէ վարչապետ Սաատ Հարիրի պէտք է կատարէ նախաձեռնութիւն մը եւ խորհրդակցի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ յայտարարել կառավարութեան նոր կազմը:
Քանաան շեշտեց, որ ինք համոզուած է, թէ վարչապետ Հարիրի անպայման նախաձեռնութիւն մը պիտի առաջադրէ եւ երեսփոխանական պլոքներու պահանջին ընդառաջէ` սահմանադրութեան համաձայն:
«Հասկնալի է նաեւ, որ կարելի չէ քաղաքական բոլոր ուժերու պահանջներուն ընդառաջել, հետեւաբար Հարիրի պէտք է նախնական կազմ մը ներկայացնէ հանրապետութեան նախագահին, որպէսզի անոնք խորհրդակցին, եւ կարելի ըլլայ լուծումի մը յանգիլ: Կարելի չէ քաղաքական ուժերուն պահանջներն ու կառավարութեան կազմը սեղանին վրայ դնել եւ լուծումներու սպասել», հաստատեց Քանաան:
Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի կացութիւնը ուշացում կամ յապաղում չի կրնար սպասել: «Պէտք է քայլեր առնել եւ կազմել կառավարութիւն մը, որ կարողութիւն կ՛ունենայ Լիբանանի համար նուաճումներ կատարելու», հաստատեց ան:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նկատմամբ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան եւ անոր ղեկավարին` Ուալիտ Ժոմպլաթի արտայայտութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով, Քանաան հաստատեց, որ այդ կեցուածքները խիստ մերժելի են: «Գործակցութիւնը եւ յարաբերութիւնը պէտք է ըլլայ պետական այրերու մակարդակով եւ ոչ թէ բանավէճերով ու ցեխարձակումներով», աւելցուց ան:
Տիմանի հանդիպումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Քանաան ըսաւ, թէ իրենք Տիմանի մէջ հաշտութիւնը վերահաստատած են եւ ընդունած քաղաքական տարակարծութիւնները, որոնք կը յամենան Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ:
Ան նշեց, որ Մեհրապի համաձայնութիւնը վերարժեւորելու գործիքակազմ մը պիտի ճշդեն անպայման, ինչպէս որոշուած էր Սին Էլ ֆիլի մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի, տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշիի եւ իր միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին:
«Բոլոր հարցերը կը լուծուին եւ կառավարութեան կազմութիւնը խոչընդոտող արգելքները կը վերանան, եթէ յետին նպատակներ չկան», շեշտեց Քանաան:



