ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան, «Առաւօտ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով Արցախի մէջ առկայ նախընտրական մթնոլորտին, ըսաւ, թէ ՀՅԴ Արցախի կառոյցին համար նախընտրական փուլը սկսած է 4 մայիս 2015-էն` ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք: Այլ քաղաքական ուժերու, մասնաւորաբար` Սամուէլ Բաբայեանի Արցախ վերադարձին եւ գործողութիւններուն վերաբերեալ Իշխանեան մեկնաբանութիւն չկատարեց: «Բայց նախագահ Սահակեանի յայտարարութենէն ետք, որ 2020-ին ինք այլեւս պիտի չառաջադրուի, նկատելի է տարբեր քաղաքական ուժերու եւ քաղաքական դէմքերու, անհատներու աշխուժութիւն եւ նախապատրաստական աշխատանք 2020-ի ընտրութիւններուն: Այս սկիզբը, որ նախագահի յայտարարութենէն ետք տրուած է, տակաւին որոշակի փուլեր ունի անցնելիք: Ես կը կարծեմ` 2018-ի աշնան եւ 2019-ի առաջին ամիսներուն զարգացումները աւելի բուռն պիտի ըլլան, եւ արդէն աւելի պիտի ընդգծուի 2020-ի ընտրութիւններուն յայտ ներկայացնող քաղաքական ուժերու պատկերը», ըսաւ Դաւիթ Իշխանեան` աւելցնելով, որ հաւանաբար ի յայտ կու գան նոր քաղաքական ուժեր, որովհետեւ նախաձեռնող խումբերու յայտարարութիւններու, որոշ քաղաքական քայլերու աշխուժութիւն կայ:
«Այդքանով հանդերձ` ես չէի ուզեր երէկուան հանդիպումը եւ յայտարարութիւնները առանձնացնել այդ բոլորէն», ըսաւ Դաւիթ Իշխանեան` նկատի ունենալով պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Սամուէլ Բաբայեանի կազմակերպած ձեռնարկը: Վերջին շրջանին շատ խօսուեցաւ, որ Հայաստանի եւ յատկապէս Արցախի հետ կախուած արտաքին մարտահրաւէրները եւ Արցախի ներքաղաքական-նախընտրական իրավիճակը համահունչ չեն:
Դաւիթ Իշխանեան առաջարկեց տարանջատել մարտահրաւէրները եւ նախընտրական փուլը: «Ուղղակի առումով որեւէ նախընտրական հոլովոյթ չկայ: Ես չեմ տեսներ ուղղակիօրէն նախընտրական քարոզարշաւի սկիզբ: Այն, որ կան ձգտումներ, որոշ դրսեւորումներ` ակնյայտ է, բայց այդ ամէնը փորձել լայն տեսքով ներկայացնել, լայն պրիսմակով տեսնել` այլ խնդիր է: Ինչ կը վերաբերի մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ անմիջական վտանգին, ապա այդպիսի իրավիճակներ մենք ունեցած ենք նաեւ նախորդ տասնամեակներուն` սկսած զինադադարէն մինչեւ այսօր: Մենք միշտ ալ կրցած ենք մեր խոհեմութեամբ, իմաստութեամբ, քաղաքական կամքի դրսեւորումով յաղթահարել այդ մարտահրաւէրները: Ես յոյս ունիմ, որ այս անգամ ալ մենք կրնանք այդ ամէնը յաղթահարել` մանաւանդ նկատի առնելով, որ արդէն իսկ, կարծես թէ, ախտորոշուած է վերջին շրջանին Արցախի ներքին կեանքին մէջ ծաւալած քաղաքական աշխուժութիւնը, որ կրնայ վտանգել մեր ներքին կայունութեան, անվտանգութեան ընդհանուր բաղադրիչը», ըսաւ Իշխանեան:



