Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Մէջ. Տնտեսութեան Եւ Գործարարութեան Արաբական 26-րդ Համագումար

July 13, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի մէջ երէկ բացումը կատարուեցաւ Տնտեսութեան եւ գործարարութեան արաբական 26-րդ համագումարին, որուն ընթացքին վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, թէ իր հայրը` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի այս համագումարին կը գուրգուրար եւ միշտ կը հովանաւորէր զայն` աւելցնելով, որ իրենք քաջածանօթ են արաբական երկիրներուն դիմագրաւած տագնապներուն` ապահովական կայունութեան բացակայութեան եւ սուրիացի տեղահանուածներու հարցին հետեւանքներուն լոյսին տակ:

Հարիրի շեշտեց, որ այս մարտահրաւէրները եւ դժուարութիւնները իրենց կը պարտադրեն գործակցելու պատասխանատուութիւնը` աւելցնելով, որ արաբական առաջին մարտահրաւէրն է տնտեսական աճի բարձրացումը, յատկապէս Լիբանանի, Եգիպտոսի եւ Յորդանանի մէջ, եւ ոչ միայն այն երկիրներուն, որոնք նաւթ կ՛արտահանեն:

«Լիբանանի մէջ մենք յստակ ընթացագիծ մը մշակած ենք` աճի բարձրացումին համար: Այս ընթացագիծը ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան կողմէ ներկայացուեցաւ «Սետր»-ի խորհրդաժողովին», ըսաւ Հարիրի:

Ան աւելցուց, որ աճի աղբիւրները բազմազան դարձնելու համար անհրաժեշտ է ապահովել արդի ենթակառոյց մը, որ արդիւնաբերական նոր մարզերուն բարգաւաճելու առիթ կու տայ:

Վարչապետ Հարիրի հաստատեց, որ յաջողութիւնը իրենցմէ կը պահանջէ իբրեւ կառավարութիւն միջոցները փոփոխութեան ենթարկել, «իսկ ելեւմտական մարզին մէջ արձանագրուելիք որեւէ խախտում տնտեսական հսկայական հետեւանքներ կրնայ ունենալ», աւելցուց ան:

Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, որ հաստատեց, որ տնտեսական ցուցանիշին համաձայն, 2018-ին արձանագրուած աճը 2 առ հարիւր է:

Լիբանանի դրամատուներու միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյ կոչ ուղղեց վերջ տալու քաղաքական ելեկտրականացած մթնոլորտին եւ բանավէճերուն, ինչպէս նաեւ արագացնելու կառավարութեան կազմութիւնը: «Պէտք է կազմել այնպիսի կառավարութիւն մը, որ կ՛արտացոլէ նորահաս սերունդներուն ձգտումները», ընդգծեց Թարապէյ:

Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ Մոհամետ Շքէյր իր կարգին ըսաւ, որ Լիբանան ամուր դիրքի  վրայ կը գտնուի` աւելցնելով, որ ներկայ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը իրականացուց այնպիսի նուաճումներ, որոնք երկիրը ապաքինման հունին մէջ զետեղած են:

 

 

Նախորդը

Հանրապետութեան Հանդիպումը Կոչ Ուղղեց Մշակելու Կառավարութեան Արդիւնաբեր Աշխատանքային Ծրագիր Մը` Նախարարութիւններու Բաժանումով Զբաղելու Փոխարէն

Յաջորդը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը Զարմանք Յայտնեց Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Արձանագրած Անբացատրելի Յապաղումին Մասին

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.