Երէկ` չորեքշաբթի, 11 յուլիսին սկսան «Եւրոպայի-լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 2018-2019 տարեշրջանի զտումի Ա. հանգրուանի երթի մրցումները, Անոնք կը շարունակուին նաեւ այսօր:
Բանանց, որ հիւրընկալեց Ֆ. Ք. Սարայեւոն, 2-1 արդիւնքով տեղի տուաւ անոր դիմաց:
Հիւր կազմը նշանակեց 2 կոլ` մրցումին առաջին 20 վայրկեանին, շնորհիւ Մերսուտին Ահմեթովիչի (16-րդ) եւ Էմիր Հալիլովիչի (21-րդ):
Հայրենի կազմին միակ կոլը նշանակեց Վահագն Այվազեան` 34-րդ վայրկեանին:
Հայաստանի փոխախոյեանին համար դարձի մրցումին պոսնիական կազմէն կրած այս պարտութիւնը կրնայ քիչ մը դժուարացնել անոր առաքելութիւնը` Բ. հանգրուանին հասնելու համար:
Յայտնենք, որ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ ճիշդ շաբաթ մը ետք, Պոսնիոյ մէջ:
Զտումի Ա. հանգրուանին, երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր եւս կը կատարուին մրցումներ: Ժամը 17:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) Փիւնիկ կը հիւրընկալէ Վարտար Սքոփիէն, իսկ ժամը 21:45-ին Գանձասար հիւրը կ՛ըլլայ լեխ Փոզնանի:



