Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թող Մակ Օժանդակէ Լիբանանին Հարաւային Լիբանանի Ցամաքային Եւ Ծովային Սահմանագծումը Կատարելու» Շեշտեց Նախագահ Աուն

July 12, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Փերնիլ Տահլեր Քարտելը:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն կոչ ուղղեց, որ ՄԱԿ օժանդակէ Լիբանանին հարաւային Լիբանանի ցամաքային եւ ծովային սահմանագծումը կատարելու` հասնելով մինչեւ Մազարեհ Շեպաա եւ  Քֆարշուպայի բարձունքներ, նկատի ունենալով, որ անոնք բռնագրաւուած լիբանանեան հողեր են, իսկ անոնց բնակիչները` լիբանանցիներ:

Նախագահ Աուն վերահաստատեց, որ Լիբանան կը պահանջէ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան երկարաձգումը, առանց անոնց թիւն ու ստանձնած պարտականութիւնները, ինչպէս նաեւ յատկացուած պիւտճէն փոփոխութեան ենթարկելու:

Ան շեշտեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն կարեւորութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան մէջ եւ հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու համար, հակառակ իսրայէլեան ուժերուն գործած սահմանային խախտումներուն, որոնք ցամաքային են, ծովային ու օդային: «Այդ խախտումները միջազգային ընտանիքին որոշումներուն դէմ ոտնձգութիւններ կը նկատուին», աւելցուց հանրապետութեան նախագահը:

Ան Քարտելի հետ քննարկեց երկրին ազգային տնտեսական ծրագիրը, որ մշակուած է եւ պիտի տրամադրուի նոր կազմուելիք կառավարութեան` դիւրացնելու համար անոր ուսումնասիրութիւնն ու վաւերացումը:

Նախագահ Աուն դիտել տուաւ, որ տնտեսական ծրագիրը համահունչ է «Սետր»-ի միջազգային խորհրդաժողովէն բխած բանաձեւերուն:

Հանրապետութեան նախագահը վերստին կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին օժանդակելու Լիբանանին, որպէսզի սուրիացի տեղահանուածները վերադարձնէ Սուրիոյ ապահով վայրերը, յատկապէս նկատի ունենալով սուրիացի պատասխանատուներուն այն յայտարարութիւնները, թէ իրենք պիտի ապահովեն տունդարձ կատարող տեղահանուած սուրիացիներուն անվտանգութիւնը եւ անոնց ապաստան ու սննդեղէն պիտի տրամադրեն:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ այդ թղթածրարին գծով ցարդ իրականացած է սուրիացիներու քանի մը խմբաւորումներու տունդարձը` հիմնուելով անոնց փափաքին վրայ: «Լիբանանեան պետութիւնը, նկատի ունենալով տեղահանուածներու տունդարձի փափաքը, ապահովեց անոնց ապահով փոխադրութիւնը դէպի Սուրիա», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն Քարտելէն պահանջեց նաեւ, որ ՄԱԿ իր դերակատարութիւնը ունենայ Նուսայպի անցքին վրայ ներածումի եւ արտածումի գործառնութիւնը դիւրացնելու, որպէսզի Լիբանան կարենայ իր ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան մարզերու արդիւնաբերութիւնը սպառել եւ երկրին տնտեսական կացութիւնը բարելաւել:

Քարտել նախագահ Աունին յայտնեց ՄԱԿ-ի պատրաստակամութիւնը ամէն իմաստով օժանդակելու Լիբանանին:

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրի Ռիչըրտի Եւ Քարտելի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Ընդհանուր Իրավիճակը

Յաջորդը

Ալիեւ` Էրտողանի Հետ Հանդիպումէն Ետք. «Թուրքիա Արցախի Հարցով Միշտ Կ՛աջակցի Ազրպէյճանին»

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.