Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնին վերընտրուելէն եւ նախագահական երդման արարողութենէն միայն մէկ օր ետք, Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երեքշաբթի, 10 յուլիսին Ազրպէյճան այցելեց: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը:
Ազրպէյճանէն ետք Էրտողան պաշտօնական այցելութեամբ պիտի մեկնի բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի թրքական ինքնահռչակ հանրապետութիւն:
Յիշեցնենք, որ Էրտողանի երդման արարողութեան ներկայ չէր եղած Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ: Ազրպէյճան այդ արարողութեան ներկայացուած եղած էր վարչապետ Նովրուզ Մամետովի մակարդակով:
Էրտողանի հետ հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ալիեւ ըսաւ, թէ Թուրքիա Արցախի հարցով միշտ կ՛աջակցի Ազրպէյճանին` աւելցնելով, որ Հայաստան «պէտք է հետեւի ՄԱԿ-ի բանաձեւերուն եւ վերադարձնէ Ազրպէյճանի բռնագրաւեալ հողերը»:
Ալիեւ նաեւ յայտնեց, թէ Պաքու Թուրքիայէն կը գնէ ժամանակակից զէնքեր, որոնց մէկ մասը վերջերս ցուցադրուած էին Պաքուի մէջ տեղի ունեցած ռազմական շքերթին ընթացքին: Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ այս տարի երկու երկիրներուն բանակները ծրագրած են 7 միացեալ ռազմափորձեր, որոնցմէ 3-ը արդէն իրականացած են:
Իր կարգին, Էրտողան յայտնեց, թէ ունի այն համոզումը, որ «Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ եղբայրութիւնը պիտի շարունակուի եւ ամրապնդուի»:
«Ինչպէս յայտնի է, մենք մինչեւ այսօր այդ եղբայրութիւնը պահպանած ենք` «մէկ ազգ, երկու ժողովուրդ» բառերով: Մենք առաջին այցելութիւնը կը կատարենք Ազրպէյճան այնպէս, ինչպէս իմ եղբայր Իլհամ Ալիեւը նախագահական ընտրութիւններէն ետք այցելած էր մեր երկիրը», աւելցուց ան:



