Իսրայէլեան շրջուն ջոկատներ ամէնօրեայ դրութեամբ կը հսկեն Լիբանանի հետ սահմանամերձ շրջաններուն: Օր մը առաջ անոնք խիստ հսկողութիւն կատարեցին Ուազզանիի բարձունքներուն եւ Ուատի Ասալի միջեւ գտնուող շրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Ղաժարի եւ Ապպասիէի մօտակայքը:
Իսրայէլեան ուժերը նորոգութեան աշխատանքներ կատարեցին նաեւ սահմանին վրայ գտնուող ելեկտրական փշաթելերուն պարագային, ինչ որ մղեց լիբանանեան բանակն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը` հսկողութիւն կատարելու նաեւ լիբանանեան սահմանին մօտակայքը:
Շրջուն ջոկատներու հսկողութեան կողքին իսրայէլեան օդուժը նաեւ օդանաւերով թռիչքներ գործեց Մազարեհ Շեպաայի եւ Կոլանի բարձունքներուն վերեւ:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի քաղաքացիական անվտանգութեան խորհուրդի նախկին նախագահ Այրան Ացիուն յայտնեց, որ եթէ Իրանի եւ Հըզպալլայի դէմ պատերազմ մը բռնկի, ապա անիկա պիտի ըլլայ շատ վտանգաւոր` նկատի ունենալով, որ մայրաքաղաք Թել Աւիւն ու իսրայէլեան բազմաթիւ քաղաքներ պիտի քանդուին:
Ացիուն շեշտեց, որ ինք իր գործին բերումով ստիպուած եղած է Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ ենթադրեալ պատերազմի մը մասին մտածելու` աւելցնելով, որ այդ պատերազմը կրնայ նմանիլ Իրան-Իրաք պատերազմին, որ տեւեց 8 տարի, եւ որուն պատճառով աւելի քան մէկ միլիոն զոհեր արձանագրուեցան:
Ացիուն յայտնեց նաեւ, որ Իսրայէլ Իրանէն աւելի զօրաւոր չէ` աւելցնելով, որ Իրանի հսկայ տարածութեան դիմաց Իսրայէլի փոքր տարածութիւնը աւելի խոցելի կը դարձնէ զինք: «Իսրայէլացի պատասխանատուներ իրենց որդեգրած քաղաքականութեան մէջ միշտ ալ խուսափած են Իրանի հետ առճակատումէ, ինչ որ խոհեմ, իմաստուն եւ հաւասարակշռուած որոշում մըն է, որուն կառչած պէտք է մնալ», ըսաւ ան:
Այս բոլորին կողքին, Ուաշինկթընի մօտիկ աղբիւրներ հաստատած են, որ լիբանանեան ներքին քաղաքական կեանքին եւ իշխանութեան մէջ Հըզպալլայի հաստատած կշիռը, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի կողմէ ծառայութեան բնոյթի ընկերային հարցերու եւ առողջապահութեան նախարարութիւններու ստանձնումը կրնայ իր հետեւանքները ունենալ եւ պատճառ դառնալ, որ Լիբանան սուղ վճարէ այդ իրականութեան համար:
Հետեւանքներուն եւ սուղ վճարելուն մասին ուաշինկթընեան ակնարկութիւնները ուղղակիօրէն կապուած են յառաջիկայ տարիներուն ընթացքին Լիբանանի ապահովական կայունութեան խզումին:
Նոյն աղբիւրները հաստատած են նաեւ, որ Փարիզ իր կարգին Լիբանանի կացութիւնը անկայուն կը գտնէ` նկատի ունենալով Լիբանանի արեւելեան սահմաններուն վրայ եւ Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի առած քայլերը` Լիբանանի պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութեան չգոյութեան զուգահեռ:
Հըզպալլայի` կառավարութեան մաս կազմելու իրականութեան մասին Փարիզ նկատել տուաւ, որ անիկա սովորական երեւոյթ է, սակայն Փարիզ կտրականապէս պիտի մերժէ, որ Հըզպալլա կրթութեան նախարարութիւնը ստանձնէ, իսկ առողջապահութեան նախարարութեան ստանձնումի պարագային, Փարիզ մտահոգութիւն կը յայտնէ Լիբանան-Իրան դեղորայքի մարզին մէջ գործակցութեան սերտացումէն:
Փարիզի մօտիկ աղբիւրներ հաստատած են նաեւ, որ ֆրանսական իշխանութիւնները կ՛ակնկալեն, որ լիբանանեան իշխանութիւնները սկսին լուծել երկրին հիմնահարցերը, որոնց շարքին ելեկտրականութեան եւ աղբի տագնապները` առ ի գործադրութիւն «Սետր»-ի խորհրդաժողովին ընթացքին տրուած բարեկարգումի խոստումներուն:



