Հզօր Լիբանան համախմբումի մէկ պատուիրակութիւնը երէկ գլխաւորութեամբ իր նախագահին` երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի, այցելեց Տնտեսական ընկերային խորհուրդի կեդրոնը, ընկերակցութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան տնտեսական խորհրդատուական յանձնախումբին:
Պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ Տնտեսական ընկերային խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտի եւ խորհուրդի դիւանին կողմէ:
Երկուքուկէս ժամուան հանդիպումէն ետք Արպիտ յայտնեց, որ քննարկած են երկրին տնտեսական եւ ընկերային բնագաւառները յուզող հարցերը` աւելցնելով, որ Հզօր Լիբանան համախմբումին այցելութիւնը խորհուրդին նկատմամբ զօրակցութեան այցելութիւն մըն էր:
Իր կարգին, Պասիլ յայտնեց, որ տնտեսական մարզի տագնապը շրջանցելու համար լուրջ լուծումներու կարիք կայ:
Պասիլ նաեւ նշեց, որ առանց ճշգրիտ ներկայացուցչութեան քաղաքական կայունութիւն չկայ, իսկ առանց ներկայացուցչութեան օրէնքները յարգելու կառավարութիւն չկայ:
Ան շեշտեց, որ ի վերջոյ կառավարութիւնը պիտի կազմուի` աւելցնելով, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ տնտեսական մարտահրաւէր մը, որուն դէմ հաստատ յաղթանակ պիտի արձանագրենք:



