Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ շնորհաւորական ուղերձ յղած է Սահմանադրութեան օրուան առիթով: Նախագահի գրասենեակին համաձայն, ուղերձին մէջ նշուած է.
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Այսօր Սահմանադրութեան օրն է: Միեւնոյն ժամանակ, այսօր մենք կը նշենք նաեւ պետական խորհրդանիշներուն օրը, որ կրկնակի տօնական ու կարեւոր կը դարձնէ այսօրուան խորհուրդը: Պետական խորհրդանիշները բացարձակ արժէքներ են, որոնց նշանակութեան գիտակցումը եւ պատշաճ արժեւորումը կարեւոր նշանակութիւն ունին երկրի այսօրուան եւ վաղուան օրուան համար:
Սահմանադրութիւնը կը նկատուի երկրի օրինականութեան խորհրդանիշ: Սակայն իւրաքանչիւր պետութեան լաւագոյն խորհրդանիշը անոր օրինապաշտ եւ, միաժամանակ, օրէնքով պաշտպանուած քաղաքացին է:
Սահմանադրութիւնը այն հիմնարար փաստաթուղթն է, որ իբրեւ մեր անկախութեան եւ հետագայ զարգացման երաշխիք, կ՛ամրագրէ իրաւունքի գերակայութեան, օրինականութեան, արդարութեան եւ ժողովուրդի իշխանութեան վրայ հիմնուած արժեհամակարգը մեր երկրին մէջ:
Վերջին շրջանին պետական շինարարութեան մէջ կատարուող քայլերը նոյնպէս կը յենին երկրի հիմնական օրէնքի այդ տրամաբանութեան վրայ:
Սահմանադրութեան հերթական տարեդարձին օրը մենք կրնանք հպարտութեամբ արձանագրել ո՛չ միայն ինքնիշխան, զարգացող, ժողովրդավարութեան ուղին ընտրած Հայաստանի Հանրապետութեան աներկբայ գոյութեան փաստը, այլեւ միջազգային ասպարէզի մէջ անոր աճող վարկանիշին առկայութիւնը:
Անիկա շարունակաբար բարձրացնելը բոլորիս իրաւունքն ու պարտականութիւնն է, եւ առհասարակ մեր բարոյական պարտքն է հայրենիքի հանդէպ:
Սահմանադրական արժէքները կրնան ապրող իրողութիւն դառնալ այն պարագային, երբ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր մէջ այդ արժէքներու կրողը ըլլայ:
Սահմանադրութիւնը իրաւունքի ու պարտականութեան օրինական սահմանն է: Անիկա, ըստ էութեան, կը զատէ թոյլատրելին անթոյլատրելիէն, կ՛ուրուագծէ այն իրաւական դաշտը, որուն ենթակայ են նաեւ մեր բարոյական օրէնքները:
Պէտք է մտածել ու գործել ի շահ երկրի, օգտուիլ Սահմանադրութեամբ ընձեռուած կարելիութիւններէն եւ պաշտպանել Սահմանադրութիւնը:
Ու այդժամ` երկիրը կը դառնայ աւելի լաւ, երկրի քաղաքացին` աւելի վստահ, երկրի իշխանութիւնը` աւելի պատասխանատու եւ աւելի վստահելի:
Սահմանադրութիւնը եւ ժողովուրդի կամքը փոխկապակցուած են իրարու: Այսօր ժողովուրդն է իր կեանքի, պետութեան զարգացման օրակարգի լիարժէք ձեւաւորողը:
Այդ օրակարգը պէտք է զերծ ըլլայ զգացմունքի գերակայութենէն եւ կեանքի կոչուի Սահմանադրութեան նկատմամբ յարգանքի հենքին վրայ` իբրեւ ազատ, ժողովրդավարական եւ ուժեղ Հայաստանի գրաւական:
Միասին պէտք է շարունակենք կառուցել քաղաքականապէս ու տնտեսապէս ներդաշնակ, քաղաքացիի եւ իշխանութեան փոխադարձ յարգանքի վրայ զարգացող Հայաստանը:
Իրաւունքի, օրէնքի ու արժանապատուութեան երաշխաւորութեամբ ապրիլը պէտք է ըլլայ ո՛չ թէ երազանք, այլ` իրականութիւն: Որովհետեւ Սահմանադրութեամբ եւ օրէնքներով ապրիլը ո՛չ թէ սոսկ անհրաժեշտութիւն եւ պարտականութիւն է, այլ` ազատ մարդոց առաւելութիւնը, որոնք գիտեն իրենց եւ այլոց իրաւունքներու արժէքը:
Կը շնորհաւորեմ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիները: Կը մաղթեմ խաղաղութիւն, լաւատեսութիւն եւ բարեկեցութիւն»:
Երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նոյնպէս շնորհաւորական ուղերձ յղած է Սահմանադրութեան օրուան առիթով: Այս մասին կը տեղեկացնեն կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն: Ուղերձին մէջ ըսուած է.
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Կը շնորհաւորեմ ձեզ Սահմանադրութեան օրուան առիթով:
Մեր երկրին մէջ տեղի ունեցած է դարակազմիկ իրադարձութիւն` ժողովրդական թաւշեայ յեղափոխութիւն: Անիկա տեղի ունեցած է խաղաղ եւ սահմանադրական ճանապարհով: Մենք, ձեզի հետ միասին, Հայաստանի մէջ կը հաստատենք իրաւունքի եւ օրէնքի գերակայութիւն, որ մեր ամբողջ հասարակութեան եւ ժողովուրդի կարեւորագոյն նպատակներէն է:
Մեր երկրի հիմնական օրէնքը, ինչպէս գիտէք, ընդունումէն ետք ենթարկուած է փոփոխութիւններու: Անոնք ժամանակին ոմանց համար եղած են ընդունելի կամ ոչ: Այսօր ունինք այն, ինչ որ ունինք, եւ Սահմանադրութեան անվերապահ կատարումը բոլորիս սրբազան պարտականութիւնն է:
Մեր քայլերը այսուհետեւ եւս պիտի ըլլան բացառապէս սահմանադրական դաշտի վրայ: Աւելին` սահմանադրական կարգի դէմ նախապէս եղած հաւանական ոտնձգութիւնները մանրամասնօրէն եւ հրապարակայնօրէն պիտի ուսումնասիրուին:
Մեր պայքարը եւ աշխատանքը ուղղուած են անոր, որ Հայաստանի քաղաքացիներու` սահմանադրութեամբ երաշխաւորուած իրաւունքներն ու ազատութիւնները չմնան թուղթի վրայ եւ լիարժէքօրէն կեանքի կոչուին:
Հայաստանի Հանրապետութեան հպա՛րտ քաղաքացիներ,
Կրկին շնորհաւորելով այս կարեւոր տօնին առիթով` կը մաղթեմ բոլորիս խաղաղութիւն, երջանկութիւն եւ ամենայն բարիք»:




