Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէն, Մաքասետ բարեսիրական միութեան նախագահ Ֆայսալ Սըննոն, Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումին, ինչպէս նաեւ Մաքասետ միութեան պատկանող Խատիժայի անուան դպրոցին ուսուցչական կազմն ու ծնողական խորհուրդը:
Հանդիպումին ընթացքին շէյխ Տըրիան անդրադարձաւ Խատիժայի անուան դպրոցի փակման որոշումին մասին լուրերուն` հաստատելով, որ Մաքասետ պիտի դիմադրէ բոլոր փոթորիկներուն, յատկապէս ելեւմտական փոթորիկներուն, որոնք կը հարուածեն զինք, եւ պիտի շարունակէ կրթական իր առաքելութիւնը` ուսում ջամբելով նոր սերունդներուն:
Միւֆթի Տըրիան Սըննոյէն պահանջեց Խատիժայի անուան դպրոցը փակելու որոշումը վերատեսութեան ենթարկել, ինչպէս նաեւ արդար եւ իմաստուն գտնուիլ ուսուցիչներու իրաւունքներուն նկատմամբ:
Միւֆթի Տըրիան շեշտեց, որ Տար Ֆաթուա միշտ պիտի զօրակցի Մաքասետ միութեան եւ պիտի օժանդակէ անոր` դուրս գալու իր տագնապէն, ինչպէս նաեւ պիտի չարտօնէ, որ անոր կրթական առաքելութիւնը վնասուի կրթական այդ բերդին հիմերը խախտին կամ Պէյրութի մէջ անոր պատմական, կրօնական, կրթական, ընկերային եւ առողջապահական խորհրդանշական գոյութիւնը խոցելի դառնայ:
Իր կարգին, նախարար Համատէ յայտնեց, որ միւֆթի Տըրիանի հետ հանդիպելէ ետք իրենք կը հաստատեն, որ Խատիժայի անուան դպրոցը վերաբանալու որոշումին ուղղութեամբ աշխատանք պիտի տարուի:
Ան նշեց, որ Մաքասետ բարեսիրական միութիւնը լիբանանեան պետութենէն ոչ մէկ օժանդակութիւն կը ստանայ` աւելցնելով, որ կրթութեան նախարարութեան համար ոչ միայն Մաքասետի, այլեւ` Լիբանանի սեփական բոլոր դպրոցները պիտի ըլլան առաջնահերթութիւն:
Մախզումի իր կարգին ընդգծեց, որ Մաքասետ բարեսիրական միութեան վարչութիւնը պէտք է հզօրացնել եւ ինքնագլուխ որոշումներ չտալ:
Երեկոյեան միւֆթի Տըրիան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիէն, որ յայտնեց, թէ ինք ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլին ցուցմունքներ տուած է, որ նախարարութեան մօտ Մաքասետ միութեան վերաբերող յատկացումները կատարէ:
Հարիրի աւելցուց, որ 5 միլիառ լ. ոսկի պիտի վճարուի` Մաքասետի դժուարութիւնները չէզոքացնելու նպատակով:
Միւֆթի Տըրիան շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Հարիրիին` Մաքասետ բարեսիրական միութեան նկատմամբ անոր ցուցաբերած գուրգուրանքին համար:
Հարիրի ընդգծեց, որ ինք նեցուկ կը կանգնի Մաքասետ միութեան եւ Պէյրութի մէջ անոր առաքելութեան:
Նշենք, որ նախկին երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի յայտնեց, որ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի այցելած է եւ հաստատած Մաքասետ բարեսիրական միութեան պատկանող Խատիժայի անուան դպրոցը փակուելէ փրկելու կարեւորութիւնը:



