ՀՅԴ-ն կ՛առաջարկէ հրաժարիլ վարկանշային-տարածքային ընտրակարգէն եւ անցնիլ բաց ցուցակներով համապետական համամասնական ընտրութիւններու: Այս մասին երէկ` 4 յուլիսին, Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխման հարցին շուրջ ձեւաւորուած Ազգային ժողովի աշխատանքային խումբի առաջին նիստի ընթացքին նշեց ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը` աւելցնելով, որ ՀՅԴ-ն ունի 10 առաջարկ:
Արմէն Ռուստամեանի համաձայն, տարածքային ցուցակներով ընտրութիւններու պարագային շատ ձայն ստացածը կրնայ պատգամաւորական աթոռ չստանալ, իսկ քիչ ձայն ստացածը` ստանալ, որուն ականատեսը եղած ենք անցեալ ընտրութիւններուն ընթացքին:
«Փակ ցուցակներով ընտրութիւնը նոյնպէս համամասնական է, բայց աւելի պակաս ժողովրդավարական է, քանի որ ընտրողը կ՛ընտրէ միայն կուսակցութիւնը: Այսինքն, եթէ կուսակցութիւնը ստացաւ 10 պատգամաւորական աթոռ, կուսակցութիւնը կ՛որոշէ, թէ յատկապէս ո՛ր 10 հոգին պիտի ըլլան պատգամաւորները: Բաց ցանկերու պարագային ընտրողին առիթ կը տրուի ո՛չ միայն ընտրել կուսակցութիւնը, այլեւ ինք կ՛որոշէ, թէ յատկապէս որո՞ւ կ՛ուզէ, որ պատգամաւորական աթոռ ստանայ այդ կուսակցութենէն: Ասիկա ժողովրդավարութիւն կ՛ապահովէ նաեւ կուսակցութիւններուն մէջ», ընդգծեց Արմէն Ռուստամեան:
Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ Ազգային ժողովի եւ կառավարութեան յանձնախումբերը պէտք է ըլլան այն ձեւաչափերը, որոնք կ՛որոշեն, թէ ո՞ր նախագիծը պիտի մտնէ Ազգային ժողով, եւ ասիկա պէտք է իբրեւ ելակէտ ընդունիլ:
«Առանձին քննարկումներէ ետք տուեալները կ՛ամփոփենք, ինչ որ ընդունելի է, կ՛ընդունինք, ինչ որ ընդունելի չէ, չենք ընդունիր, ապա կ՛ուղարկենք Վենետիկի յանձնաժողով, ուր եզրակացութիւնը կը յղկեն, եւ վերջնականը կը ներկայացնենք Ազգային ժողովին` շրջանառութեան մէջ դնելով», ըսաւ ան:
Ռուստամեան նշեց, որ այս ձեւաչափով համաձայնեցուած աշխատելով, բոլոր շահագրգիռ ուժերուն կարելիութիւն կը տրուի առաջարկներ ներկայացնելու:



