Եւրոպական խորհրդարանը շարք մը պայմաններ ներկայացուցած է Եւրոպական Միութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ համաձայնագիրի կնքումին համար: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը:
Եւրոպական խորհրդարանի հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ ապագայ համաձայնագիրը պէտք է ապահովէ հիմնական ազատութիւնները, ինչպէս նաեւ ենթադրէ պայքար փտածութեան, դրամներու լուացման եւ հարկերէն խուսափելու դէմ: Առանցքային պայմաններէն մէկն է քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը:
Խորհուրդ պարունակող փաստաթուղթը, ուղղուած` Եւրոպական Միութիւն-Ազրպէյճան համապարփակ համաձայնագիրի հարցով բանակցութիւններ վարողներուն, որդեգրուած է 564 թեր, 69 դէմ եւ 47 ձեռնպահ քուէներով:



