Իրանի դէմ Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ համաձայնագիրին պատճառով հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները, որոնք կ՛ազդեն երրորդ երկիրներու եւ Աւստրիոյ վրայ, միջազգային օրէնքի խախտում են: «Արմէնփրես» կը նշէ, որ երէկ Վիեննայի մէջ այս մասին յայտարարած է Աւստրիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վան տեր Պելեն:
«Աւստրիան եւ Եւրոպական Միութիւնը նպատակ ունին բարելաւել պայմանները Իրանի հետ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման համար: Դուք կը հասկնաք, թէ ես ինչի կ՛ակնարկեմ: Աւստրիան կ՛ափսոսայ Միացեալ Նահանգներու Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ համաձայնագիրէն դուրս գալուն համար, մենք նաեւ կ՛ափսոսանք Իրանի դէմ պատժամիջոցները վերականգնելու որոշումին համար», ըսած է ան Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
«Չէ որ խնդրոյ առարկան ո՛չ միայն Իրանի դէմ ուղղակի պատժամիջոցներն են, որոնք կը վնասեն Աւստրիոյ: Այդ երկրորդական պատժամիջոցները իրենց արտերկրային կիրարկման պատճառով կը խախտեն միջազգային օրէնքը: Եւրոպական յանձնաժողովը Միացեալ Նահանգներու վերաբերեալ այս տեսակէտին կողմնակից է», աւելցուցած է ան:
Աւստրիոյ նախագահը ընդգծած է, որ իր երկիրն ու Իրանը ստիպուած են հանդուրժել ապրելու այս բարդ ժամանակներուն մէջ եւ միասին ելք փնտռելու ստեղծուած իրավիճակէն:
Ռուհանի երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննա, ուր բանակցութիւններ ունեցաւ յուլիսէն դեկտեմբեր Եւրոպական խորհուրդի նախագահութիւնը ստանձնած Աւստրիոյ ղեկավարութեան հետ:
Այցելութեան ընթացքին քննարկուեցան Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ համաձայնագիրի իրագործման կարելիութիւնները, երկկողմ յարաբերութիւնները եւ Վիեննայի ու Թեհրանի առեւտրական կապերը:



