Արժանթինի ֆութպոլի նախկին աստղերէն Տիեկօ Մարատոնա իր ունեցած հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին ըսաւ, թէ մեծ ուրախութեամբ դարձեալ կ՛ուզէ գլխաւորել իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբը:
«Ես պատրաստ եմ անվճար մարզեու Արժանթինը եւ ոչինչ խնդրելու անոր փոխարէն», ըսաւ Մարատոնա:
Ան 2008-էն 2010 եղած է Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչը:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, շատ հաւանական է, որ այս շաբաթ Արժանթինի մարզիչը` Խորխէ Սամփաուլի, պաշտօնանկ ըլլայ:



