Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Փաշինեան Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան Օրուան Առիթով Այցելած Է Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանութիւն

July 4, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի Հանրապետութեան  կառավարութեան եւ հայ ժողովուրդին անունով շնորհաւորած է դեսպան Ռիչըրտ Միլզը, դեսպանատան աշխատակիցները եւ ի դէմս անոնց` Միացեալ Նահանգներու բարեկամ ժողովուրդը` մաղթելով բարեկեցութիւն ու շարունակական զարգացում:

Միացեալ Նահանգներու դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի վարչապետին այցելութեան եւ շնորհաւորանքին  համար: «Մեզի համար պատիւ է այս գեղեցիկ օրը, երբ կը տօնենք մեր անկախութիւնը, ձեզ ընդունիլ Միացեալ Նահանգներու  դեսպանատան մէջ: Հայաստանը Միացեալ Նահանգներու լաւ բարեկամն ու գործընկերն է, եւ ես կը սպասեմ մեր շարունակական համագործակցութեան` մեր ընդհանուր ժողովրդավարական արժէքներու ոգիին համահունչ», ըսած է Ռիչըրտ Միլզ:

Հանրապետութեան վարչապետը բարձր գնահատած է Միացեալ Նահանգներուն հետ ձեւաւորուած սերտ համագործակցութիւնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներուն` Հայաստանին տարիներէ ի վեր ցուցաբերուող օժանդակութեան համար:

Զրուցակիցները հանգամանօրէն անդրադարձած են Հայաստանի մէջ  տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն` ժողովրդավարութեան ամրապնդման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, փտածութեան դէմ պայքարի, քաղաքացիական հասարակութեան եւ  իրաւական համակարգի զարգացման մարզերուն մէջ:

Այս առումով, Ռիչըրտ Միլզ ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ են սերտ համագործակցութեան Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան հետ եւ ցուցաբերել անհրաժեշտ խորհրդատուական, արհեստագիտական եւ տնտեսական օժանդակութիւն: Կողմերը քննարկած են նաեւ ամերիկեան ներդրումներու ներգրաւման ընդլայնման ու երկկողմանի  առեւտրական, տնտեսական կապերու խթանման վերաբերող հարցեր: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ դեսպան Ռիչըրտ Միլզ անդրադարձած են նաեւ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին եւ կարեւոր նկատած  անոր բացառապէս խաղաղ լուծումը ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափի շրջագիծին մէջ:

Նախորդը

Հանդիպում` ՀՅԴ-ի Եւ Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ Ընկերվարական Խմբակցութեան Ներկայացուցիչներուն Միջեւ

Յաջորդը

Ռէալ Մատրիտ Պաշտօնապէս Հերքեց, Որ 310 Միլիոն Եւրօ Առաջարկած Է Նէյմարի Համար

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.