«Իմփերիալ Սուիթ» պանդոկին մէջ (Ռաուշէ) տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Հուփս Պէյրութի ակումբի նախագահ Ժասեմ Քանսօ յայտարարեց, թէ 13-15 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ յատուկ մարզական բանակում մը` գործակցութեամբ «Մաժըրի» հաստատութեան:
Այս յատուկ փորձերը պիտի կատարէ թունուզցի արհեստավարժ պասքեթպոլիստ Սալեհ Մաժըրի, որ մաս կը կազմէ «Էն. Պի. Էյ.»-ի կազմերէն Տալաս Մավըրիքսի:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամներ Ժորժ Սապունճեան, Ղազի Պուսթանի, Պէյրութ ակումբի նախագահ Նետիմ Հաքիմ, ողիմպիական միջազգային դասախօս Ժիհատ Սալամէ, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներ:
Այս փորձերուն պիտի մասնակցին 8, 10, 12, 16 եւ 18 տարեկանէն վար տղաք եւ աղջիկներ:
Այդ փորձերը տեղի պիտի ունենան Հուփսի դաշտերուն վրայ, երեք օրուան տեւողութեան վրայ, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 17:00:



