Կազմակերպութեամբ Ժամհուր ակումբին, հսկողութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, այսօր` երկուշաբթի, 2 յուլիսին, կը սկսի Փաթրիք Ասսաֆի անուան փինկ փոնկի 14-րդ տարեկան մրցաշարքը` վերոնշեալ ակումբին մէջ:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 17 ակումբներէ աւելի քան 300 երկսեռ մարզիկներ` բոլոր դասակարգերուն մէջ:
Մարզիկներուն հաւաքը տեղի պիտի ունենայ յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, մինչ մրցումները կը սկսին ժամը 16:30-ին:


