Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականի յառաջատարներէն Նարեկ Աբգարեան, սպանական Պենիտորմ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած արհեստավարժ կռփամարտի երեկոյին ընթացքին, 10 ռաունտի ընթացքին բացայայտ առաւելութեամբ յաղթեց մեքսիքացի Խեսուս Կալիսիային եւ տիրացաւ «Տապըլիու Պի. Սի.»-ի «Ինթըրնեշընըլ-Սիլվըր» գօտիի տիտղոսին:
Աբգարեան Հայաստանի բազմակի ախոյեան է եւ մասնակցած Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերուն: Արհեստավարժ ասպարէզին մէջ ան հանդէս կու գայ 2016-էն ի վեր (10 յաղթանակ, 6-ը` նաք-աութով):



