Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Փաշինեան. «Փոքր Եւ Միջին Ձեռնարկատիրութիւններու Ոլորտը Կառավարութեան Համար Չափազանց Կարեւոր Ուղղութիւն Է»

June 30, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութեան զարգացման վերաբերող խորհրդակցութիւն, որուն մասնակցած են շահագրգիռ նախարարութիւններու ղեկավարներն ու փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութիւններուն շահերը ներկայացնող տարբեր հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Վարչապետը նշած է, որ պէտք է քարտէսագրել փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութեան խնդիրներն ու կառավարութեան կատարելիքները` ոլորտին աջակցելու առումով: «Կառավարութեան համար ասիկա չափազանց կարեւոր ուղղութիւն է` նաեւ այն պատճառով, որ փոքր եւ միջին գործարարութիւնը աւելի ճկուն է, եւ այստեղ կառավարութեան գործունէութեան դրական արդիւնքները աւելի արագ նկատելի կը դառնան: Կայ այս մարզին հետ առնչութիւն ունեցող գործարարներու, ձեռներէցներու շատ լայն շրջանակ: Մենք պէտք է նաեւ ապահովենք մնայուն հաղորդակցութիւն, կարենանք հաղորդակցութեան յուսալի համակարգ ներդրել եւ համոզուած ըլլալ, որ այն, ինչ որ կ՛ընէ կառավարութիւնը, կ՛ընէ նաեւ փոքր եւ միջին ձեռներէցներուն մասնակցութիւնը ապահովելով», դիտել տուած է Փաշինեան:

Խորհրդակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուած է փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութեան ոլորտին մէջ առկայ խնդիրներուն, անոնց տրամադրուող պետական աջակցութեան, հարկային վարչարարութեան վերաբերող հարցերու, որոնց առնչութեամբ ներկայացուած են տարբեր դիտարկումներ եւ առաջարկներ: Ներկաները յատկապէս կարեւոր նկատած են Հարկային օրէնսգիրքին մէջ բարեկարգումներ կատարելը:

Վարչապետը ընդգծած է, որ կառավարութիւնը ունի քաղաքական կամք` քննարկելու ոլորտի խնդիրները եւ գտնելու անոնց լուծման տարբերակները: Կառավարութեան ղեկավարը յանձնարարած է, փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի համակարգումով, Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան հարթակին վրայ փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ կազմել այս բնագաւառի զարգացման խորհուրդ, որ կառուցողական մթնոլորտի մէջ պարբերաբար պիտի քննարկէ ոլորտին մէջ առկայ խնդիրները, վարչապետին պիտի ներկայացնէ անոնց լուծման կարելիութիւնները եւ հանդէս պիտի գայ յստակ առաջարկներով:

 

 

Նախորդը

Քաղաքական Խորհրդակցութիւններ` Հայաստանի Եւ Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Միջեւ

Յաջորդը

Լեհաստանը Եւ Լիւքսամպուրկը Վաւերացուցած Են Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրը

RelatedPosts

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
Կրոնօ. «Ղարաբաղի` Նախապէս Հակամարտութենէն  Տուժած Շրջաններուն Մէջ Հայկական  Հարուստ Հետքը Չեմ Վիճարկեր»
Հայկական

Կրոնօ. «Ղարաբաղի` Նախապէս Հակամարտութենէն Տուժած Շրջաններուն Մէջ Հայկական Հարուստ Հետքը Չեմ Վիճարկեր»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.