Յունիս 28-ին Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի ունեցան Արցախի եւ Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններուն միջեւ հերթական քաղաքական խորհրդակցութիւններ, որոնք արցախեան կողմէ կը վարէին նախարարի տեղակալներ Ֆելիքս Խաչատրեանը եւ Արմինէ Ալեքսանեանը, հայաստանեան կողմէ` Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեանը:
Խորհրդակցութիւններուն ընթացքին քննարկուած են նախարարութիւններուն միջեւ շարք մը ուղղութիւններով առկայ համագործակցութեան ամրապնդման վերաբերող հարցեր: Կարեւոր նկատուած է միջազգային հարթակներու վրայ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող նիւթերու շուրջ դիրքորոշումներու համաձայնեցման նպատակով փոխադարձ գործակցութեան առկայութիւնը:
Խորհրդակցութիւններու ծիրին մէջ Շաւարշ Քոչարեանը ընդունած է նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը: Զրուցակիցները անդրադարձած են ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հեռանկարներուն, միտքեր փոխանակած են շրջանային ու միջազգային շարք մը հարցերու շուրջ:



