Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ստորագրուած «Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան մասին» համաձայնագիրը 29 յունիսին միաձայն քուէարկութեամբ վաւերացուած է Լեհաստանի Ծերակոյտին եւ Լիւքսամպուրկ պատգամաւորներու պալատին կողմէ: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Լեհաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Էդկար Ղազարեանը եւ Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան «Թուիթըր»-ի էջը:
Նոյն համաձայնագիրը 7 յունիսին արդէն վաւերացուած էր Լեհաստանի Սեյմին կողմէ, իսկ Ծերակոյտին վաւերացումով Լեհաստանը դարձաւ համաձայնագիրը պաշտօնապէս վաւերացուցած երկիր:
Լիւքսամպուրկի պատգամաւորներու պալատին մէջ համաձայնագիրին թեր քուէարկած է 58 պատգամաւոր:



