Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կառավարութեան Կազմութեամբ Աճապարուած Չենք Եւ Կոչ Կ՛ուղղենք Այդ Հոլովոյթին Համար Յստակ Չափանիշ Ճշդելու» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

June 30, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ ներքին լիբանանեան իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումներուն:

Անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան աշխատանքներուն` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Հըզպալլա բնաւ չէ աճապարուած կառավարութեան կազմութեամբ, եւ կոչ ուղղեց այդ հոլովոյթին համար յստակ չափանիշներ ճշդելու եւ անոնց հիման վրայ շարունակելու աշխատանքը:

Սէյիտ Նասրալլա նշեց նաեւ, որ կազմուելիք կառավարութիւնը Ազգային միասնականութեան կառավարութիւն կոչելը ճիշդ պիտի չըլլայ, եթէ ան լիբանանեան բոլոր համայնքները, որոնց շարքին նաեւ ալեւի եւ ասորի համայնքները չի ներկայացներ: Ան նկատել տուաւ, որ աւելի լաւ է զայն կոչել լիբանանեան քաղաքական ուժերը ներկայացնող ընդարձակ կառավարութիւն:

Սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին ակնարկելով սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ այդ հարցը պէտք չէ բարդացնել եւ անոր իսկութիւնը փոփոխութեան ենթարկել` շեշտելով, որ տեղահանուածներու տունդարձը կը կատարուի կամովին եւ ոչ թէ բռնի ուժով:

Ան ընդգծեց, որ ճիշդ են այն տեղեկութիւնները, թէ որոշ միջազգային կազմակերպութիւններ եւ տեղական ու շրջանային կողմեր կը վախցնեն տեղահանուածները` տունդարձ կատարելու հարցին շուրջ անոնց ներկայացնելով անճիշդ տեղեկութիւններ:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ այդ արարքին պէտք է վերջ մը դրուի` աւելցնելով, որ իրենք պատրաստ են օժանդակելու տեղահանուածներու տունդարձը ապահովելու հոլովոյթին` նկատի ունենալով սուրիական իշխանութիւններուն հետ իրենց սերտ յարաբերութիւնը:

«Սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը ապահովելու իմաստով կ՛ուզենք օժանդակութեան ձեռք մեկնել եւ պատրաստ ենք գործակցելու Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն հետ, որովհետեւ կան մեծ թիւով տեղահանուածներ, որոնք նախքան վերամուտը կը փափաքին վերադառնալ Սուրիա», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա` աւելցնելով, որ այս նպատակով իրենք կազմած են խմբակներ, յառաջացուցած են ժողովրդային յանձնախումբեր, ճշդած են կեդրոններ եւ նախկին երեսփոխան Նաուար Սահիլիին յանձնած են այդ պահանջներուն ընդառաջելու ու տունդարձը կազմակերպելու պատասխանատուութիւնը:

Ան շեշտեց, որ այս ձեւով իրենք ծառայած կ՛ըլլան լիբանանցի եւ սուրիացի ժողովուրդներուն, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու գերագոյն շահերուն:

Պաալպեք-Հերմելի ապահովական խախտումներուն մասին սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ այդ հարցը շատ արագ կերպով լուսարձակի տակ առնուեցաւ, եւ այդ շրջանին մէջ ապահովական խախտումները շատ արագ սկսան յաճախակի դառնալ: «Այս իրականութիւնը մեզի համար անորոշ է եւ պէտք է ճշդել, թէ ի՞նչ է հարցը», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ բանակն ու ապահովական կառոյցները ողջունելի գործունէութիւն կը տանին շրջանին մէջ` աւելցնելով, որ այդ գործունէութիւնը պէտք է շարունակուի եւ վերածուի մնայուն աշխատանքի:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Պաալպեք-Հերմելի մէջ ոչ մէկ յանցագործ հովանաւորութիւն կը վայելէ, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց շրջանի բնակչութեան գործակցելու բանակին ու ապահովութեան ուժերուն հետ եւ շրջանին նկատմամբ իրենց վստահութիւնն ու ապահովութեան զգացումը չկորսնցնելու:

Սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ շրջանին ապահովութեան վերականգնումին առումով ինք գրաւ կը դնէ բանակին եւ հանրապետութեան նախագահին դերակատարութեան վրայ:

Աքուրայի եւ Եամմունէի մէջ արձանագրուած դէպքերուն մասին սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ այդ հարցը զուտ կալուածային է եւ ոչ թէ համայնքային: Ան նշեց, որ այդ հարցին լուծումը վստահուած է բանակին եւ անոր գաղտնի սպասարկութեան` կոչ ուղղելով բնակիչներուն հանդարտ մնալու եւ ինքնազսպումի ենթարկուելու:

Քաղաքացիութեան շնորհումի թղթածրարին մասին խօսելով` սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ հակառակ բոլոր այն զրպարտութիւններուն, թէ Հըզպալլան է Լիբանանը կառավարող իսկական ուժը, Հըզպալլա այդ հարցին մասին իմացաւ լիբանանեան լրատուամիջոցներէն:

Սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, թէ այդ մասին իմանալէ ետք սերտած են մանրամասնութիւնները եւ իրենց դիտողութիւնները անձամբ նախագահ Աունին պիտի ներկայացնեն:

Միւս կողմէ, սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահին` սահմանադրական կանոններուն եւ օրինական չափանիշներուն հիման վրայ, յաւելեալ անհատներու քաղաքացիութիւն շնորհելու, որովհետեւ իսկապէս շատեր արժանի են ունենալու լիբանանեան քաղաքացիութիւնը եւ կրնան Լիբանանի համար ազգային շահեր ապահովել:

Սուրիոյ իրադարձութիւններուն ակնարկելով` սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ հարաւային Սուրիոյ զարգացումները բաւական լաւ ընթացքի մէջ են, որովհետեւ հաստատ լուրեր կան, թէ այդ շրջաններուն մէջ զինեալներ ջախջախիչ պարտութիւններ կրած են եւ փախուստ տալու կամ անձնատուր ըլլալու ելքերու մասին կը մտածեն:

Ան շեշտեց, որ հարաւային Սուրիոյ մէջ հսկայ յաղթանակ մը յայտարարելու աւետիսը կրնայ մօտալուտ ըլլալ, հակառակ անոր որ այդ շրջանի հաւատադրժողական զինեալ խմբաւորումներ մեծ օժանդակութիւններ ստացած են Միացեալ Նահանգներէն, Իսրայէլէն եւ շրջանային ուժերէ:

«Սուրիա-Իրաք սահմանամերձ շրջանին մէջ, իրաքեան Հըզպալլայի մարտիկներու դիրքը ռմբակոծումի թիրախ դարձնելու արարքը վտանգաւոր է: Սկսելու համար կը շնորհաւորեմ նահատակներու ընտանիքները եւ անոնց ղեկավարութիւնը նահատակութեան առիթով, եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Սուրիոյ նկատմամբ անոնց ցուցաբերած օժանդակութեան համար` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ անոնց մղած պայքարին առումով», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ռմբակոծող կողմը պէտք է բացայայտել ու պատժել: «Դիմադրութեան դէմ գործուած նման որեւէ արարքի պատասխանելը իրաւունք է», շեշտեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Սուրիոյ պատերազմը Լիբանանի, Պաղեստինի, Իրաքի պատերազմն է, եւ ամբողջ շրջանի ապագային պատերազմն է:

 

 

 

Նախորդը

Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապաքեան Կը Ստանայ Փրոֆեսէօրի Աստիճան` Լիբանանեան Համալսարանէն

Յաջորդը

Սարրաֆ Սպանացի Իր Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Կարելիութիւնները

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.