ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Անձնական կեանքին մէջ փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան: Ուշադիր հետեւեցէք ձեզի տրուած խրատին: Ձեր աստղը պիտի փայլի, պիտի ուրախանաք եւ հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր կարողութիւնները դրական բաներու մէջ գործածեցէք: Յաջող յարաբերութիւններ պիտի մշակէք: Ձեր փափաքները պիտի իրականանան: Հին հարցեր պիտի լուծէք: Նիւթական խրթին հարցերէն հեռու մնացէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Նիւթական կարեւոր քննարկումներ պիտի ունենաք: Ձեզմէ պիտի խնդրուի պարտքերը վճարել: Իրապաշտ եղէք: Պիտի հասնիք անոր, որ կը ցանկաք: Մի՛ վախնաք մրցակիցներէն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Յարմար ժամանակ է կարծիք տալու, բայց աստղերը կը զգուշացնեն ուշադրութիւն ընել ձեր խօսքերուն` մանաւանդ, երբ սիրելիներուն հետ կը խօսիք: Ձեզի պահուած է նուէր մը կամ անակնկալ մը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր որոշումները յետաձգեցէք: Իրար անցած վիճակ մը ունիք: Նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն պիտի ստանաք: Դժուարութիւնները պիտի յաղթահարէք: Դուք ձեզի թշնամիներ մի՛ ստեղծէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մի՛ ընդունիք այլոց տեսակէտները առանց զանոնք ուսումնասիրելու: Նոր հորիզոններ պիտի բացուին ձեր դիմաց: Շինիչ շրջան մը պիտի ունենաք: Նոր ծրագիր մը լոյս աշխարհ պիտի բերէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Զգացական գետնի վրայ լաւ լուրեր պիտի ստանաք: Ընկերներու հետ լուրեր ու տեղեկութիւններ պիտի փոխանակէք: Պիտի ճամբորդէք կամ դուրսէն եկած հիւրեր պիտի դիմաւորէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Անցեալին մասին կը մտածէք եւ կարօտ կը զգաք: Կարգ մը դժուարութիւններու լուծումներ պիտի գտնէք: Պիտի ազդուիք ձեր շուրջը կատարուող իրադարձութիւններէն: Մի՛ գանգատիք տեղի ունեցող փոփոխութիւններէն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ինքնավստահ էք եւ պիտի յաջողիք դիմագրաւել ձեր դիմաց ցցուող բոլոր դժուարութիւնները: Կայ պատասխանատուութիւն մը, զոր պէտք է տանիք իմաստութեամբ եւ գիտութեամբ: Նոր ստեղծուած հարցի մը լուծում պիտի գտնէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Պիտի ծրագրէք ճամբորդել ձեր ամուսինին հետ: Կարիքը չունիք արտօնութեան` կատարելու ինչ որ անհրաժեշտ է: Հին կապանքներէ պիտի ազատիք: Ձեր կարողութիւնները ցոյց պիտի տաք այս շրջանին:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հանդարտ եղէք եւ տիրապետեցէք ձեր ջիղերուն: Այս օրերուն պիտի լսէք լաւ խօսքեր: Համակերպեցէք տեղի ունեցած զիջումներուն: Ընկերային հարցերով պիտի զբաղիք: Հանդիպումներ պիտի ունենաք մարդոց հետ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Պիտի ազդուիք դրական մթնոլորտէն: Նոր ծրագիրի մը դուռը պիտի թակէք: Պիտի ուզէք ձեր ընկերներուն հետ ժամանակ անցընել, բայց միւս կողմէն պարտականութիւնները ձեզի կը կանչեն:
