Այսօր իր լրումին կը հասնի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Իրանի իսլամական հանրապետութեան մշակոյթի ու միջազգային հաղորդակցութեան կեդրոնին միջեւ կրօններու երկխօսութեան յատկացուած խորհրդաժողովը:
Կրօնական երկխօսութեան այս նիստերը ունին հետեւողականութիւն, եւ իւրաքանչիւր խորհրդաժողովին ընտրուած կարգախօսային բնաբանը ըստ էութեան համաշխարհային նշանակութիւն ունեցող այժմէական խնդիրներու կը վերաբերի:
Բնապահպանութեան ճգնաժամը կարմիր գիծերը անցնելու ահազանգային իրավիճակ կը պարզէ, եւ աշխարհաքաղաքական ուժերը այսօր այդ ահազանգին ընդառաջ համախմբուելու եւ արդիւնաւէտ աշխատանք տանելու լուրջ դժուարութիւններուն առջեւ են:
Խորհրդաժողովը առաւելաբար իր սահմանագծումներուն մէջ կեդրոնացաւ երկրագունդին սպառնացող վտանգի գոյառման կրօնափիլիսոփայական քննարկումներուն վրայ: Բնութիւնը արարչագործութեան երեւոյթը նկատի ունենալով աստուածակեդրոն եւ մարդակեդրոն մօտեցումներու տարբերութիւններէն մինչեւ երկու կրօններու համատեղ մօտեցումներ, մինչեւ քրիստոնէութեան արեւմտեան եւ արեւելեան հատուածներու աշխարհաընկալման տեսանելի հակասութիւններ ու տակաւին բնութեան վրայ մարդ անհատին տիրապետման մղումներու հետեւանքներու ներկայացումը խորհրդաժողովին համար ստեղծեցին քննարկումներու պարարտ ենթահողը: Մանաւանդ որ իբրեւ աշխատակարգ խորհրդաժողովը որդեգրած էր աշխարհաընկալման այս մօտեցումներուն ներկայացումէն ետք անցնիլ մարդու կողմէ ստեղծուած այս աղէտը դիմակայելու ուղղութեամբ կրօններու ունենալիք դերակատարութեան ճշդման ուղիներու որոնման:
Խորհրդաժողովը այդ ուղիներու ուրուագծումը կը կատարէ անպայման: Այստեղ անպայման նկատի պէտք է ունենալ, որ երկխօսութեան հրաւիրուած կողմը պետական կարգավիճակ ունի եւ Իրանի իսլամական պետութեան մշակոյթի եւ կրօններու երկխօսութեան ոլորտը ղեկավարելով ըստ էութեան ազդեցիկ դիրք կը վայելէ նման մօտեցումներն ու հայեցակարգային խնդիրները պետական համապատասխան քաղաքականութեան վերածելու առումով:
Իսկ այստեղ տարածաշրջանային գլխաւոր դերակատար պետութիւնը, որ ինչպէս համաիսլամականութեան, այնպէս նաեւ անշրջանցելի ուժ աշխարհին սպառնացող տագնապը կրօնափիլիսոփայական հողի վրայ բանաձեւելու, բայց մանաւանդ հնչող ահազանգին ընդառաջ միջոցառումներ ձեռք առնելու համար կ՛երկխօսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցչութեան հետ:
Խնդիրին դիմակայումը ուրեմն զուտ տեսաբանական հարթութենէն կ՛անդրանցնի դէպի պետական համապատասխան քաղաքականութեան հայեցակարգային եւ կիրառական դաշտ, ուր առկայ է այս պարագային քրիստոնէական մեկնութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր եկեղեցւոյ տեսակէտը համաշխարհային տարողութիւն ունեցող խնդիրի դիմագրաւման:
Ճգնաժամը ունի քաղաքական առանցքներ: Փարատոքսալ երեւոյթ է այն, որ գերտէրութիւններ, որոնք նախ կ՛ահազանգեն տագնապին մասին, դերակատար կ՛ըլլան գերտէրութիւններու միաւորման, եզրայանգումներէ ետք դուրս կու գան միաւորումէն` ըստ էութեան ականահարելով նաեւ առնուած որոշումներու գործադրութեան ընթացքը:
Խնդիր յարուցող- լուծող- արգելակող եւ հետեւաբար կենսոլորտային աղէտը ինքնահոսի ձգած պետութիւններուն վրայ ազդելու հարց կայ հիմնովին: Միջկրօնական երկխօսութեամբ ճգնաժամի նախ բացատրութեան, նկարագրման եւ ապա հակաճգնաժամային ծրագիրներու պատրաստութեան եւ կանխարգիլման գործողութիւններ մշակելն ու իրականացնելը ամենեւին դիւրին չէ եւ կը պահանջէ ո՛չ միայն պետական, այլ նաեւ միջպետական արդիւնաւէտ համագործակցութիւն:
Իրանը այսօր որքան ալ որ մեկուսացման քաղաքականութեան դիմակայման խնդիր ունենայ, այսուհանդերձ անշրջանցելի պետութիւն է համաշխարհային ճգնաժամերու հանգուցալուծման գործընթացներուն մէջ: Իրանեան պետութեան կրօնական բնոյթը նկատի ունենալով անիկա իր քաղաքակրթական հարցերու ընկալման եւ հայեցակարգերու մշակման մէջ միշտ նկատի կ՛ունենայ կրօնի մեկնութիւնը, պարզաբանումը, այս պարագային նաեւ քրիստոնէութեան եւ մեր եկեղեցւոյ հիմնաւորումները` երկիր մոլորակին սպառնացող վտանգը դիմակայելու համար:
Իսկ այս բոլոր առումներով համահայկական դերակատարութեան առընթեր կ՛ընդգծուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներդրումը` տարբեր ուղղութիւններու վրայ արձանագրուող միջազգային գործընթացներուն:
«Ա.»



