Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Աւետ. Թորոսեան Վարժարանի Հանդէսներ

June 29, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 9 յունիս 2018-ի երեկոյեան Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ դպրոցի մանկապարտէզի հանդէսը:

Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները հանդէս եկան երգով, Աստուածաշունչի համարներով ու պարերով: Հանդիսավարին սիրալիր հրաւէրով խումբերը բարձրացան բեմ եւ կատարեցին իրենց բաժինները: Իսկ Ծաղիկ դասարանէն աշակերտ մը զուարթ կատակներով ժպիտ գծեց ներկաներուն դէմքերուն վրայ:

Ծաղիկ դասարանի վկայականներու բաշխումէն եւ տնօրէնի խօսքէն ետք պատ. Սեւակ Թրաշեան աղօթքով փակեց հանդէսը: Ապա շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտներու շնորհաւորանք եւ կարկանդակի հատում:

Վկայականներ ստացան հետեւեալ աշակերտները. Անտոնեան Նարա, Կարապետ Յակոբ, Հայրապետեան Մարալ, Հինտոյեան Մարիա, Քէօշկէրեան Ռալֆ, Մէնէշեան Լալա, Մըսրլեան Սերժ, Նալպանտեան Արազ, Օհան Բարտի, Օհանեան Լարա եւ Սարիքամշեան Սէլին:

Շաբաթ, 16 յունիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ աւետ. Փ. եւ Է. Թորոսեան վարժարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ միջնակարգ` իններորդ եւ նախակրթարան` վեցերորդ դասարաններու վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը:

2017- 2018 տարեշրջանի հանդիսութեան իւրայատկութիւնը այն էր, որ կը զուգադիպէր Հայաստանի առաջին հանրապետութեան անկախութեան հարիւրամեակին, եւ բեմի յարդարանքը կը կրէր անկախութիւնը ներշնչող պաստառը, իսկ շրջանաւարտներուն կուրծքը կը շողար Եռագոյն դրօշի զարդասեղով: Ի դէպ,  յատկանշական էին նաեւ վկայականները, որոնք մեր պանծալի դրօշի ժապաւէններով կապուած էին: Այս տարի նաեւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան հարիւրամեակն է, որուն անդրադարձը կատարուեցաւ նաեւ հանդիսութեան ընթացքին, ու բեմի յարդարանքը նաեւ կը ցոլացնէր այս իրադարձութիւնը:

Շրջանաւարտներու սրահ մուտքէն ետք, հանդիսութիւնը ընթացք առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով, որոնցմէ ետք Հայ աւետ. Էմմանուէլ եկեղեցւոյ հովիւ պատուելի Սեւակ Թրաշեան կատարեց ընթերցում մը Աւետարանէն:

Օրուան բանախօսն էր վեր. Հրայր Չոլաքեան: Ան խօսեցաւ «նեղ ճամբայ» հասկացողութեան մասին ու բացատրեց, թէ ան դժուար ճամբայ է, քանի որ սիրոյ ճամբայ է: Ան ըսաւ, թէ ճամբան կը նեղնայ, երբ անհատ մը որոշէ զայն բաժնեկցիլ սիրած անձերու հետ, հետեւաբար թերեւս դժուարութեամբ, սակայն ուրախութեամբ ու հաճոյքով կ՛ընթանայ այդ նեղ ճամբայէն:

Յայտագիրին մասնակցեցաւ վարժարանի երգչախումբը, որ հանդէս եկաւ երեք երգերով` առաջնորդութեամբ Նեկտար Փալազեանի: Ապա պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ 2017- 2018 տարեշրջանի դպրոցի գործունէութիւնը «խճանկար» անուան տակ:

Իններորդ դասարանի շրջանաւարտները իրենց սրտի խօսքը յայտնեցին գեղեցկօրէն բեմականացուած ձեւով, որմէ ետք վեցերորդ դասարանը ներկայացուց պար մը «Կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն» երգով:

Երեք լեզուով իններորդ դասարանի ուղերձները կատարեցին  Շաքէ Սէմիզեան (հայերէն), Ժոէլ Աւետիքեան (արաբերէն), Սէրլի Քէօշկէրեան (անգլերէն):

Իններորդ եւ վեցերորդ դասարաններու վկայականներու բաշխումէն ետք, տեղի ունեցաւ նաեւ զանազան մրցանակներու բաշխում` թէ՛ նախակրթարանի եւ թէ՛ միջնակարգի շրջանաւարտներուն:

Հանդիսութեան աւարտին իր խօսքը փոխանցեց վարժարանի տնօրէն Սեդա Գարակէօզեան: Ան, ողջունելէ ետք ներկաները, յայտնեց, թէ երկու հարիւրամեակները երկու սիւները կը կազմեն Հայ աւետ. Փ. եւ Է. Թորոսեան վարժարանին: Ան, յայտնեց, թէ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը` AMAA-ը, Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերուն նիւթական եւ բարոյական նեցուկ եղած է, յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ, եւ մինչեւ օրս կը շարունակէ իր առաքելութիւնը: Ան շարունակեց` ըսելով. «Յարգանք մեր հայրենիքին, յարգանք Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան: Անոնց մէջ աշխատող նուիրեալներուն հաւատարմութիւնը կը ներշնչէ մեզ այսօր, եւ քաջալերուած կը նայինք ապագային եւ կը շարունակենք ազգանուէր այս գործը»:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ պատուելի Թրաշեանի առաքելական օրհնութեամբ: Ապա, դպրոցի շրջափակին մէջ շրջանաւարտները շնորհաւորեցին, ու կարկանդակի հատում տեղի ունեցաւ:

Հայ աւետ. Փ. եւ Է. Թորոսեան վարժարանի 2017- 2018 տարեշրջանի հունձքն են.

Վեցերորդ դասարան.  Պօղոսեան Փոլ-Հրաչ, Տիպ Ճիւլի, Հաճիմանուկեան Տէյվիտ, Հինտոյեան Սահակ, Իշխանեան Ժորժ, Քէօշկէրեան Նարեկ-Տիգրան, Մարգարեան Վանա,  Մերթխանեան Զարիկ, Մինասեան Շանթ, Մոսքոֆեան Սէրլի, Թըղլեան Արազ, Թընկրեան Յարութ (պատուոյ յիշատակութեամբ) եւ Թաթոսեան Ժորժ:

Իններորդ դասարան. Ակոբճեան Էլիօ, Աւետիքեան Ժոէլ (պատուոյ յիշատակութեամբ),  Պապիկեան Մովսէս, Պօղոսեան Քրիստիան, Կէօքճեան Նարեկ, Քէօշկէրեան Սէրլի, Քէշիշեան Սարգիս, Գէորգեան Լիա, Քիշեան Գրիգոր Անրիքէ եւ Սեմիզեան Շաքէ:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (29 Յունիս 1968)

Յաջորդը

56 Ծաղիկներ Աւարտեցին Ազգային Միացեալ Վարժարանի Մանկապարտէզը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.