Հակառակ վարչապետ Սաատ Հարիրիի դրսեւորած դրական կեցուածքներուն, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը բաւական բարդ կը թուի ըլլալ` նկատի ունենալով նոր կառավարութեան մէջ Մուսթաքպալ պլոքէն բացի սիւննի համայնքի այլ հեղինակութիւններու ներկայացուցչութիւն ապահովելու պահանջները, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան ուժեր եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւններուն պահանջներուն գծով ստեղծուած տարակարծութիւնները վարչապետ Հարիրիի եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի միջեւ:
Մինչ շիի համայնքի նախարարական պահանջներուն վերաբերեալ տարակարծութիւններ չեն արձանագրուած, սակայն կառավարութեան կազմութեան առումով, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ստանձնած է լուռ դիտորդի եւ սպասողի դերակատարութիւնը եւ շաբաթավերջին հաստատած, որ կառավարութիւնը կազմելու բանալին կը գտնուի նախագահ Աունի եւ վարչապետ Հարիրիի մօտ:
Պըրրիի կրաւորական այս կեցուածքը իր կարգին կը յուշէ, թէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը տակաւին երկար կրնայ տեւել:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթավերջին Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց ղպտի ուղղափառ համայնքի Թէոդորոս Բ. պապը` ներկայութեամբ ընթացաւարտ կառավարութեան ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Ժամալ Ժարրահի, Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարիի եւ Հարիրիի խորհրդատուներէն Տաուտ Սայեղի եւ Մոհամետ Սամմաքի:
Հանդիպումին ընթացքին Թէոդորոս Բ. պապը ուրախութիւն յայտնեց Լիբանան գտնուելուն առիթով եւ Հարիրիին յաջողութիւն մաղթեց` նոր կառավարութեան կազմութեան գծով անոր ստանձնած պարտականութեան համար:
Թէոդորոս Բ. պապը ընդգծեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը Եգիպտոսի համար կարեւոր է, որովհետեւ երկու երկիրներուն միջեւ կան պատմական յարաբերութիւններ եւ հասարակ յայտարարներ, յատկապէս ինչ կը վերաբերի համայնքային բազմազանութեան, ազգային համերաշխութեան եւ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան իրականութիւններուն:
Իր կարգին, վարչապետ Հարիրի ողջունեց Թէոդորոս Բ. պապը` հաստատելով, որ իրեն համար պատիւ է զինք հիւրընկալելը: Ան նշեց, որ Եգիպտոսը մայր երկիրն է եւ Լիբանանի բարեկամը: «Լիբանանի եւ Եգիպտոսի միջեւ յարաբերութիւնները բացառիկ հեզասահութեամբ եւ մտերմութեամբ կ՛ընթանան», ըսաւ Հարիրի:
Ան շեշտեց, որ երկու երկիրներուն մէջ համայնքային բազմազանութիւնը տկար կէտ մը չի նկատուիր, այլ զօրութեան աղբիւր:
Հարիրի մեծապէս գնահատեց եգիպտական ղեկավարութիւններուն կողմէ ծայրայեղութեան դէմ մղուած պայքարը` աւելցնելով, որ ծայրայեղութիւնը ի վերջոյ կրօնի հետ կապ կամ առնչութիւն չունի, այլ` ուղղակիօրէն քաղաքականութեան մաս կը կազմէ:
Հարիրի ընդգծեց, որ Լիբանան միշտ պիտի պահէ բազմազանութիւնը` համայնքային թէ յարանուանական առումով, հաստատելով, որ այդ ճշմարտութիւնը մաս կը կազմէ Լիբանանի սահմանադրութեան:
Հարիրի յոյս յայտնեց, որ Լիբանան եւ Եգիպտոս շարունակեն իրենց չափաւորականութեան ուղին` ամրապնդելով երկկողմանի գործակցութիւնը:



