ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Եթէ օգնութիւն խնդրուի ձեզմէ, օգնեցէք դրական հոգիով: Անմոռանալի պայմաններ պիտի ունենաք: Այսօրուան գործը վաղուան մի՛ ձգէք: Խոստմնալից շրջան մըն է: Նոր գիւտերու պիտի ծանօթանաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Այս շրջանին գեղեցիկ երազներ պիտի ունենաք: Սիրային պահեր պիտի ապրիք ձեր սիրեցեալին հետ: Հին հարցեր երեւան մի՛ հանէք: Խնդիրներ պիտի ունենաք հարազատներու հետ: Վիճաբանութեան շրջան մըն է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Լաւ մտիկ ըրէք ձեզի տրուած թելադրանքները: Լաւապէս սերտեցէք հարցերը: Բարի առիթներ պիտի տրուին ձեզի եւ երջանիկ պահեր պիտի ապրիք: Պիտի զգաք, յաջողութիւնն ու յաղթութիւնը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ նեղութիւն զգաք, մի՛ մտահոգուիք, շուտով պիտի անցնի: Պայծայռութեամբ կը նայիք ապագային:, Ձեր աշխատանքը պիտի դիւրանայ, եւ տրամադրութիւնը պիտի բարձրանայ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ստիպուած պիտի սպասէք համբերութեամբ: Դժուարութիւններ պիտի դիմագրաւէք: Անցողական վիճակներ են. գալիք օրերը աւելի լաւ պիտի ըլլան: Ճամբորդուեան մասին կը մտածէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Դրական շրջան մըն է ձեզի համար: Հին հարցեր պիտի լուծէք: Ձեր ընկերները պիտի զօրակցին ձեզի: Զգացական պահեր պիտի ապրիք եւ արդիւնաւէտ յարաբերութիւններ պիտի մշակէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մեծ յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք: Պայմանագիր մը պիտի ստորագրէք: Խաղաղ պիտի զգաք: Մի՛ կասկածիք ձեր կարողութիւններուն վրայ, նոյնիսկ եթէ շատեր փորձեցին ձեզ յուսախաբ ընել:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Այս օրերուն մեծ շահ մը պիտի ապահովէք: Բախտը ձեր կողքին է: Արկածախնդրութենէն հեռու մնացէք: Խելացի եղէք ձեր զրոյցներուն եւ խօսքերուն մէջ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Այլոց հետ պիտի վարուիք ազատութեամբ: Բարի հորիզոններ պիտի բացուին ձեր դիմաց: Ձեր հարազատները պիտի զօրակցին ձեզի: Զգուշ եղէք, խաբեբաներու ձեռք չիյնաք: Ձեր տրամադրութիւնը պիտի վատանայ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Հմայքով պիտի յաջողիք իրականացնել ձեր փափաքները: Ձեր գործերը եւ ժողովները պիտի կուտակուին: Ճնշող պայմաններ պիտի ստեղծուին: Պիտի ճամբորդէք կամ իւրայատուկ փորձառութիւն մը պիտի ապրիք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հակասական շրջան մըն է: Մէկ կողմէն փայլուն պահեր, միւս կողմէն ընտանեկան եւ աշխատանքային վէճեր: Նիւթական հարցերով պիտի զբաղիք: Իրականութեան պիտի համակերպիք` ստիպուած:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Սիրային եւ քնքուշ պահեր պիտի ապրիք: Յաջող փորձառութիւն մը պիտի ունենաք: Պիտի կատարէք պտոյտ մը, ուր պիտի հանդիպիք հին ընկերներու, որոնց հետ պիտի յիշէք անցեալի քաղցր օրերը:
