Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրաբ Մնացականեանը ելոյթ ունեցած է Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ոչ պաշտօնական 10-րդ հանդիպումին:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, իր ելոյթին մէջ նախարարը անդրադարձ կատարած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին` ընդգծելով, որ թէ՛ Եւրոպական Միութեան, թէ՛ Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրները պէտք է խստօրէն ձեռնպահ մնան բոլոր այն գործողութիւններէն, որոնք կը յանգեցնեն շրջանին մէջ սպառազինութիւններու մրցավազքին, զերծ մնան այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք կը խոչընդոտեն խաղաղութեան գործընթացը կամ կը վտանգեն բանակցութիւններու համաձայնեցուած ձեւաչափի աշխատանքները:
Ան աւելցուցած է, որ արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններուն մէջ, ինչպէս ձեւակերպուած է Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրին մէջ, Հայաստանը հետամուտ է շարունակականութեան, կանխատեսելիութեան եւ ամուր ներգրաւուածութեան իր բոլոր բարեկամներուն եւ գործընկերներուն հետ` հիմնուած ինքնիշխան հաւասարութեան եւ ջանքերու համախմբումով Հայաստանի շահերը յառաջ մղելու, փոխշահաւէտ համագործակցութիւնն ու գործընկերութիւնը խորացնելու վրայ:
Նախարար Զոհրաբ Մնացականեան վերահաստատած է, որ Հայաստանը հաւատարիմ է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման` միջազգայնօրէն համաձայնեցուած ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափին ներքեւ:
«Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի միջեւ շփման գիծի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանի երկայնքով լարուածութիւնը, ռազմատենչ եւ ատելութեան հռետորաբանութիւնը, մարդոց միջեւ իրական շփումներու արգելքը պէտք է վճռականօրէն մերժուին», շեշտած է Զոհրաբ Մնացականեան:
«Եզրափակելով խօսքս` նշեմ, որ Հայաստանը կ՛ուզէ եւ պատրաստ է իր վրայ վերցնելու Եւրոպական Միութեան, անոր անդամ եւ գործընկեր երկիրներուն հետ աւելի մեծ պատասխանատուութիւն եւ ներգրաւուածութիւն` ուղղուած մեր ընդհանուր տարածքը անվտանգ, կայուն եւ զարգացող դրացնութեան վերափոխելու», ըսած է նախարարը:
Նախարար Մնացականեան կարեւոր նկատած է նաեւ Եւրոպական Միութեան շարունակական աջակցութիւնը Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներու հոլովոյթին: Ան բարձր գնահատած է քաղաքացիական հասարակութեան հետեւողական ներգրաւուածութիւնը Արեւելեան գործընկերութեան օրակարգային հարցերու շրջագիծին մէջ:



