Երկուշաբթի, 18 յունիսին, Սաֆա ակումբին մէջ գլխաւորութեամբ ակումբի նախագահ Ուալիտ Սֆէյրին տեղի ունեցած յատուկ նիստին ընթացքին տրուեցան կարգ մը որոշումներ:
Նախ եւ առաջ յայտարարուեցաւ, որ վարչութեան մաս կազմող բոլոր անդամները հրաժարած են:
Ասիկա կը նշանակէ, որ ակումբին նոր ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան հինգշաբթի, 5 յուլիսին, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, ակումբին կեդրոնատեղիին մէջ:


