«Մենք գործ ունինք երրորդ հանրապետութեան պատմութեան մեծագոյն տարողութեամբ փտածութեան բացայայտման հետ», երէկ կառավարութեան արտահերթ նիստին ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը` խօսելով Ազգային ժողովի պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանի վերաբերեալ բացայայտման մասին: «Ազգային ժողովի պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանի առանձնատան մէջ կատարուած բացայայտումները, բառին բուն իմաստով, ցնցող են», նշեց ան:
Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէնին` խնդրելով շնորհակալական խօսքեր ուղղել այն աշխատակիցներուն, որոնք կատարած են այս գործողութիւնը: «Բոլորս ալ կը հասկնանք, որ այս գործողութիւնը մէկ օրուան մէջ չէ կազմակերպուած, անոր նախորդած է ծաւալուն աշխատանք», նշեց ան:
Վարչապետը յոյս յայտնեց, որ այս գործի քննութիւնը ընթանայ պատշաճ մակարդակով: «Ես յոյս ունիմ, որ Հայաստանի քննչական ծառայութեան մէջ քննութիւնը կ՛ընթանայ բարձր մակարդակով, եւ գլխաւոր դատախազութիւնը կ՛ապահովէ քննութեան բարձր մակարդակը», ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Չեմ տեսներ որեւէ խոչընդոտ, որ գործի բոլոր մասնակիցները պատասխանատուութեան կանչուին` անկախ անոնց կոչումներէն, կարգավիճակներէն: Այս գործը պէտք է մինչեւ վերջ բացայայտուի»:
Վարչապետը հերթական անգամ ընդգծեց, որ փտածութեան հետ որեւէ զիջում պիտի չըլլայ: «Մենք կը յայտարարենք, որ փտածութիւնը Հայաստանէն արմատախիլ պիտի ընենք», ըսաւ ան:
Կառավարութեան արտահերթ նիստի օրակարգին վրայ էր Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ գումարել եւ ընդհանուր դատախազի` Մանուէլ Գրիգորեանին նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու եւ ազատութենէ զրկելու համաձայնութիւն տալու մասին միջնորդութեան համաձայնութիւն տալու նախագիծը: Կառավարութիւնը միաձայնութեամբ կողմ քուէարկեց նախագիծին:
Մանուէլ Գրիգորեանը անձեռնմխելիութենէ զրկելու հարցը Ազգային ժողովին մէջ պիտի քննարկուի այսօր:



