ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Վերջերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյս տեսաւ իմ եօթներորդ գիրքս` «Գարուն էր…» խորագիրով, որպէս 24-րդ հրատարակութիւնը «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան» գրական հիմնադրամին: Նախապէս ալ ինձմէ երկու գիրքեր լոյս տեսած են նոյն տպարանէն, մին 2004-ին` «Գէորգ Մելիտինեցի», իսկ միւսը 2012-ին` դարձեալ Ռ. Եւ Թ. Գարօլան հիմնադրամներուն կողմէ:
Նպատակս գիրքերուս ծանուցումը ընել չէ, այլ` բացայայտելու այն զգացումը, որ ունեցայ, երբ վայրկեան մը կանգ առի ու մտածեցի այս երկու հիմնադրամները ստեղծողներուն մասին:
Ինչպէս որ համեղ պտուղ մը կ՛ուտենք ամենայն հաճոյքով` վայելելով անոր քաղցրութիւնն ու օգտակարութիւնը, առանց մտածելու ծառին մասին, որ տուած է այդ պտուղը` առանց մտածելու ծառը տնկողին ու խնամողին մասին, այդպէս ալ տպուած գիրքին պատճառած բերկրանքէն գինովցած` բնաւ չենք մտածեր անոր մեկենասին մասին, անոր լոյս աշխարհ գալուն օժանդակած անձին մասին:
Ո՞վ է Գէորգ Մելիտինեցին, կամ` որո՞նք են Գարօլանները: Մարդիկը գրական մրցանակ հաստատած եւ հիմնադրամ տրամադրած են Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ, իրենց հիմնադրամով ամէն տարի գիրքեր լոյս կը տեսնեն` հարստացնելով մեր գրական գանձարանը, իսկ ես, եւ հաւանաբար` ինծի նման ուրիշներ ալ, չեմ ճանչնար զիրենք, որպէսզի շնորհակալ ըլլամ եւ երախտագիտութիւնս յայտնեմ իրենց գրասիրական-ազգասիրական այս կենսական ծառայութեան համար:
Այս մարդիկը դեռ կ՛ապրի՞ն, թէ՞ իրենց զաւակները այս հիմնադրամները ստեղծած են` ի յիշատակ իրենց ծնողներուն: Ի՞նչ բանը մղած է զիրենք այս քայլը առնելու, անոնք սովորական բարերարնե՞ր են, թէ՞ գրականութեան նուիրեալներ, իրենց մեկենասութեամբ տպուած գիրքերը կը կարդա՞ն անոնք, թէ՞ կը գոհանան իրենց բարերարութեամբ:
Մելիտինեցիի հիմնադրամով տպուած գիրքերուն թիւը հարիւրի կը մօտենայ, Գարօլանը աւելի երիտասարդ է ու անոնց անունը ցարդ 24 գիրքերու ճակատը կը զարդարէ: Իւրաքանչիւր գիրք եթէ 500, կամ 1000 օրինակով կը տպուի, պատկերացուցէք, թէ քանի՛ տուն, քանի գրադարան, կամ հաստատութիւն կը մտնեն անոնք:
Արդ, ծանօթ-անծանօթ մեկենասներ, շնորհակալութի՛ւն ձեզի, թող ձեր այս բարի գործը վարակիչ դառնայ` ի փառաւորումն հայ գիրին ու գրականութեան:


