Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Թէեւ Հայաստանի վերանկախացեալ հանրապետութեան պետական տօները հաստատող 1995-ի օրէնքով նախատեսուած չէր 15 յունիսի` «Հայաստանի պետական խորհրդանիշներու օր»-ուան տօնը, այսուհանդերձ, 2006-ին հասարակական նախաձեռնութեան կարգով հրապարակ նետուեցաւ ՀՀ պետական Խորհրդանիշներու օր տօնելու գաղափարը, որ 2009-ին կառավարութեան հաւանութեան արժանանալով` ամէնամեայ տօնի վերածուեցաւ խորհրդարանի յատուկ օրէնքով եւ 2010-էն ասդին կը նշուի պետական ու ժողովրդային շուքով:
Առաջադրուածը, փաստօրէն, Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշին եւ պետական խորհրդանիշներուն օրը տօնելն էր պաշտօնապէ՛ս, որպէսզի իրենց նշանակութեամբ եւ խորհրդանշած արժէքներով` եռագոյն դրօշը, զինանշանը եւ «Մեր հայրենիք» օրհներգը տարին օր մը վերանորոգէին դաստիարակչական իրենց ներգործութիւնը` հայոց սերունդներու ազգային մտածողութիւնը, հայեցի ներշնչումը եւ հպարտութիւնը արմատաւորելու ուղղութեամբ:
Երեսնամեակ մը առաջ, երբ Հայաստան տակաւին ենթակայ էր խորհրդային բռնատիրութեան, իսկ հայկական սփիւռքի տարածքին միայն Դաշնակցութիւնն ու անոր համակիր բազմութիւնները սրբութեան պէս կը պահպանէին եւ ազգային առիթներով կը պարզէին եռագոյնը, կը յիշեցնէին Հայաստանի Հանրապետութեան (մայիս 28-ով կերտուած) զինանշան ու կը հնչեցնէին «Մեր հայրենիք»-ը, ոչ ոք կրնար երեւակայել անգամ, որ այսքան արագ ու արմատական փոփոխութենէ պիտի անցնէին աշխարհն ու հայ կեանքը:
Մինչեւ արցախեան շարժումին պոռթկումը եւ որոշապէս սփիւռքի տարածքին` Հայաստանի անկախութեան վերականգնումը անխուսափելի հռչակող եւ լուսաւոր այդ օրուան հանդէպ աներեր հաւատք ներշնչող մեր բանախօսներն անգամ իբրեւ հեռաւոր երազ կը քարոզէին, թէ պիտի գար օրը, եւ մեր սերունդները բախտը պիտի ունենային տեսնելու, վայելելու եւ վկայելու, թէ ինչպէ՛ս խորհրդահայ ուրացումի դատապարտուած ու խծբծանքի առարկայ դարձած եռագոյնը, զինանշանը եւ «Մեր հայրենիք»-ը ազգային ու պետական հանդիսաւորութեամբ պիտի վերարժեւորուէին ու պիտի վերականգնուէին:
Բայց ահա՛ իրականութիւն է սերունդներու երազը եւ վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական տօներու շարքին 15 յունիսը նուիրագործուած է իբրեւ «ՀՀ պետական խորհրդանիշներու օր»-ը:
Հայոց նորագոյն պատմութեան անիւը արագ ու արմատական փոփոխութեան իր այս փուլը թեւակոխեց 1988-ին, արցախեան պահանջատիրութեան համաժողովրդական պոռթկումի բուռն ալիքին հետ, երբ հարիւր հազարաւորներու մասնակցութեամբ կատարուած հաւաքներու եւ ցոյցերու տեսագրութիւնը աշխարհին փոխանցող լրատուութեանց մէջ յանկարծ տեսանելի դարձաւ եռագոյն դրօշի ծածանումը: Ոչ ոք կը հաւատար տեսածին եւ իրաւացի զարմանքով ու արդար հպարտութեամբ բոլորս հարց կու տայինք իրարու, թէ ճիշդ կը տեսնէի՞նք, եռագո՞յնն էր ծածանողը հայրենի մեր ժողովուրդին ձեռքին…
Շուտով հաստատուեցաւ, թէ այո՛, ճի՛շդ էր, անզուգական եւ անփոխարինելի եռագոյ՛նն էր:
Ի հեճուկս խորհրդային 70-ամեայ լուծին, հայ ժողովուրդը հայրենի հողին վրայ սրբազան մասունքի պէս պահպանեց մայիս 28-ի եւ Հայաստանի անկախութեան Աւանդը` իր խորհրդանիշներով հանդերձ:
Հայաստանի անկախութեան վերականգնման քայլ առ քայլ յառաջխաղացքին հետ, առաջին ոստումը արձանագրեցինք 1990 թուականի օգոստոս 24-ին, երբ մայիս 1990-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն համաժողովրդային շարժումը փայլուն յաղթանակ տարաւ եւ, տակաւին «Խորհրդային Հայաստան»-ի իրաւավիճակով ապրող մեր հայրենիքին մէջ, նորընտիր Գերագոյն խոհուրդը ընդունեց «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական դրօշի մասին» օրէնք: Մէկ օր առաջ` օգոստոս 23-ին, Գերագոյն խորհուրդը ընդունած էր Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրը, որ «Հայաստանի Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւն» պաշտօնական խճճուած անուանումը փոխարինեց կարճ ու կտրուկ եւ իմաստալից «Հայաստանի Հանրապետութիւն» անունով:
1918-ին կերտուած Հայաստանի անկախութեան եւ հանրապետութեան աւանդները վերականգնելու Հռչակագրի առաջադրանքը իր առաջին կիրարկումը գտաւ մէկ օր անց, երբ օգոստոս 24-ին ընդունուեցաւ եռագոյնը իբրեւ պետական դրօշ վերականգնող օրէնքը, որ նաեւ ճշդեց, թէ Հայաստանի «Պետական դրօշը եռագոյն է` կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն հորիզոնական հաւասար շերտերով (վերեւից ներքեւ)»:
Այդ օրերուն դեռ իրականացած չէր 21 սեպտեմբեր 1991-ի անկախութեան հանրաքուէն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան լիարժէք անկախացումը: Աւելի քան մէկուկէս տասնամեակ ետք էր, որ 15 յունիս 2006-ին հաստատուած «ՀՀ պետական դրօշի մասին» օրէնքով, իր իրաւական ամրագրումը ստացաւ եռագոյնին քաղաքական վերականգնումը օրէնքի հետեւեալ տարազումով.
«Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը եռագոյն է` վերեւից ներքեւ կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն հորիզոնական հաւասար շերտերով: Կարմիր գոյնը խորհրդանշում է Հայկական Բարձրաւանդակը, հայ ժողովրդի մշտական պայքարը յարատեւման, քրիստոնէական հաւատքի, Հայաստանի անկախութեան եւ ազատութեան համար: Կապոյտ գոյնը խորհրդանշում է հայ ժողովրդի ապրելու կամքը խաղաղ երկնքի ներքոյ: Նարնջագոյնը խորհրդանշում է հայ ժողովրդի արարչական տաղանդը եւ աշխատասիրութիւնը: Դրօշի լայնութեան եւ եր-կարութեան չափերի յարաբերութիւնն է` 1:2-ի»:
Հայաստանի անկախութեան վերականգնման եւ մայիս 28-ի խորհրդանիշներուն վերարժեւորման ուղղութեամբ երկրորդ քայլը նետուեցաւ 1991-ի յունիս 1-ին, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդը որոշում կայացուց եւ իբրեւ մեր երկրի պաշտօնական պետական օրհներգ ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան (1918-1920) օրհներգը` «Մեր հայրենիք»-ը, Միքայէլ Նալբանդեանի ծանօթ բանաստեղծութեան հետեւեալ խմբագրումով.
Մեր հայրենիք, ազատ անկախ,
Որ ապրել է դարէ դար,
Իր որդիքը արդ կանչում է
Ազատ, անկախ Հայաստան:
Ահա, եղբայր, քեզ մի դրօշ,
Զոր իմ ձեռքով գործեցի,
Գիշերները ես քուն չեղայ,
Արտասուքով լուացի:
Նայիր նրան երեք գոյնով,
Նուիրական մէկ նշան,
Թող փողփողի թշնամու դէմ,
Թող միշտ պանծայ Հայաստան:
Ամենայն տեղ մահը մի է,
Մարդ մի անգամ պի՛տ մեռնի,
Բայց երանի, որ իւր ազգի
Ազատութեան կը զոհուի:
Հայ ժողովուրդի պետական երրորդ խորհրդանիշին` ՀՀ զինանշանին որդեգրումը տեղի ունեցաւ 1992-ի գարնան, երբ արդէն միջազգային օրէնքով ճանչուած անկախ պետութիւն էր Հայաստանը: 19 ապրիլ 1992-ին ընդունուած «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական զինանշանի մասին» օրէնքով, ՀՀ Գերագոյն խորհուրդին կողմէ, «վերականգնուել է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան (1918-1920թթ.) զինանշանը, որի հեղինակներն են (1919-ին հաստատուեցաւ զինանշանը, Ն.) ճարտարապետ, Ռուսաստանի Գեղարուեստի ակադեմիայի ակադեմիկոս Ալեքսանդր Թամանեանը եւ նկարիչ Յակոբ Կոջոյեանը:
Զինանշանի պարագային եւս Հայաստանի կառավարութիւնը 2006-ի յունիս 15-ին որդեգրեց լրացուցիչ օրէնք` «ՀՀ պետական զինանշանի մասին», ուր հետեւեալ նկարագրութիւնը եւ բացատրութիւնը օրէնքով ամրագրուեցան.
«Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանն է` կեդրոնում` վահանի վրայ պատկերուած են Արարատ լեռը` Նոյեան տապանով եւ պատմական Հայաստանի թագաւորութիւններից չորսի` վերեւից ձախ` Բագրատունիների, վերեւից աջ` Արշակունիների, ներքեւից ձախ` Արտաշիսեանների, ներքեւից աջ` Ռուբինեանների զինանշանները: Վահանը պահում են արծիւը (ձախից) եւ առիւծը (աջից), իսկ վահանից ներքեւ պատկերուած են սուր, ճիւղ, հասկերի խուրձ, շղթայ եւ ժապաւէն:
«Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանի հիմնական գոյնն է ոսկեգոյնը, պատմական Հայաստանի թագաւորութիւններինը` վերեւից ձախ` կարմիր, վերեւից աջ` կապոյտ, ներքեւից ձախ` կապոյտ, ներքեւից աջ` կարմիր, եւ կեդրոնում` վահանի վրայ պատկերուած Արարատ լեռը` նարնջագոյն: Նշուած գոյները խորհրդանշում են Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի գոյները»:
Ահա այսպիսի՛ ազգային ու պատմական աւանդներու խտացումը կը խորհրդանշեն վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը, օրհներգը եւ զինանշանը, որոնց նուիրուած է յունիս 15-ի այս օրը տօնակատարուող» ՀՀ պետական խորհրդանիշներու օրը:
Այս առիթով կ՛արժէ թարմացնել յիշողութիւնները` Հայոց պետական դրօշի մտայղացման մասին Սիմոն Վրացեանի հետեւեալ վկայութեամբ.-
«Հաստատուեց Հայաստանի ազգային դրօշակը` հորիզոնական կարմիր, կապոյտ ու նարնջի գոյներով: Դրօշակի ձեւի եւ գոյների շուրջ եղան բաւական երկար խորհրդակցութիւններ. ի նկատի առնուեցին հայոց պատմական դրօշակները, լսուեց հայկաբան Ստ. Մալխասեանի հիմնաւորուած զեկուցումը` հայկական դրօշակի մասին եւ, ի վերջոյ, որոշուեց ընդունել վերոյիշեալ երեք գոյները, պայմանաւ, որ վերջնական հաստատումը կատարուի Սահմանադիր ժողովի կողմից, որ պէտք է գումարուէր Հայաստանի երկու հատուածների միացումից յետոյ:
«Ի՞նչ բովանդակութիւն կամ խորհուրդ էր դրւում այդ գոյների կամ դրօշակի ամբողջութեան մէջ:
«Առանձին պատգամաւորներ իրենց մտքերում ունէին, անշուշտ, որոշ բացատրութիւն, ոմանք ճառով էլ արտայայտեցին, բայց Հայաստանի Խորհուրդը այդ մասին որեւէ որոշում չտուեց եւ դրօշակն իր ամբողջութեան մէջ, գոյների ընտրութիւնն ու դասաւորութիւնը, աւելի շուտ, արդիւնք էր քուէարկութեան պատահականութեան:
«Պատգամաւորների մի մասի կողմից մասնաւոր առարկութիւն էր լսւում, գլխաւորապէս` գործնական տեսակէտից, նարնջագոյնի դէմ. Հայաստանում դժուար էր այդ գոյնի կտոր գտնել:
Առաջարկւում էր փոխարէնը դնել կանաչ գոյն. ոմանք փաստ էին բերում, որ կանաչը մեր պատմական գոյներից մէկն է: Բայց նարնջի գոյնը առանձնապէս պաշտպանում էր Քաջազնունին, որ ղեկավարւում էր սոսկ գեղասիրական նկատումներով. կարմիրի, կապոյտի եւ նարնջագոյնի ներդաշնակութիւնը դիւր էր գալիս նրա ճաշակին:
«Կային, սակայն, հայկական եռագոյնի մէջ եւ գաղափար ու խորհուրդ դնողներ:
Այդ գոյները, կարծես, բխում էին մեր կեանքից, խորհրդանշում էին հայ պետականութեան ծագումն ու ապագան: Կարմիրը հայ ժողովրդի թափած արիւնն էր, կապոյտը` Հայաստանի կապոյտ երկինքը եւ նարնջի կամ ոսկու գոյնը` խտացումը աշխատանքի: Հայ ժողովուրդը, որ արիւնով էր ձեռք բերել իր ազատութիւնը, հայրենի կապոյտ երկնքի տակ, իր համբաւաւոր աշխատասիրութեամբ, պիտի վերաշինէր երկիրը եւ ապրէր ազատ ու երջանիկ…»:



