Հայրապետական Պատգամ Հայաստանի Հանրապետութեան Յիսնամեակին Առիթով
Հոգեկան անհուն հրճուանքով եւ ազգային հպարտութեան խանդալից զգացումներով կ՛ողջունենք յիսնամեակը այն բախտորոշ եւ լուսեղէն թուականին` 28 մայիս 1918, երբ հայ ժողովուրդը վերջ տուաւ իր դարերու ստրկութեան մութ ու մռայլ պայմաններուն եւ հերոսական ոգորումներով տիրացաւ իր անկախութեան, դիւցազնական մարտնչումներով անգամ մը եւս արտայայտեց ազատօրէն ապրելու իր ազգային կամքը եւ պետական ինքնուրոյն դրութեամբ եւ դիմագծութեամբ ինքզինք իրագործելու իր աննկուն իտէալը:
Հայուն դարաւոր երազն էր ահա, որ կեանք կ՛առնէր, եւ հայ ժողովուրդի հոգիին մէջ արիւնով խմորուած գաղափարն էր, որ մարմին կը զգենուր:
Արդարեւ, հայ ժողովուրդի ազգային արժանապատուութեան, ինքնաճանաչութեան եւ ինքնաիրագործման ամէնէն սխրալի թուականներէն մէկն է մայիս 28-ը, որուն կերտումին համար հայ ժողովուրդը իր արիւնը խառնեց իր հայրենի հողին մէջ` Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէյի անհաւասար եւ մահտարաժամ կռիւներով:
Դարձակէ՛տ է մայիս 28-ը հայոց պատմութեան մէջ: Այն հիմնաքա՛րը, որուն վրայ բարձրացաւ հայկական անկախ հանրապետութիւնը, եւ որուն շնորհիւ` հայ անկախութեան պաշտպանութիւնը եւ որպէս գերագոյն նուիրականութիւն եւ արժէք ճանաչումը` դարձաւ հայութեան ազգային ամենամեծ նախանձախնդրութիւնը եւ որպէս ազգ` անոր ամէնէն պերճախօս արժանիքներէն եւ փաստերէն մէկը:
Ի՜նչ սրտառուչ մերձաւորութեամբ երկու յիսնամեակներ ահա այսպէս կը զուգորդուին իրարու այնքան խորիմաստ ներդաշնակութեամբ մը: Ապրիլեան Եղեռնը հայ կեանքին մէջ արիւնեցաւ վերջալոյսի մը մարող ցոլքերը տարածելով յուսալքուած եւ մահուան սարսափով հիւծող ժողովուրդի մը խամրող հոգիին մէջ: Իսկ մայիսեան յաղթանակը հայ կեանքին մէջ բոցավառեցաւ իբրեւ նո՛ր արշալոյս` յոյսի, կեանքի, վերականգնումի բորբ ապրումներ բխեցնելով կեանքին եւ ստեղծագործութեան համար միայն Աստուծոյ ձեռքերով ստեղծուած հայ հոգիին մէջ:»
Ոգեկոչեցինք ապրիլեան Եղեռնի յիսնամեակը համազգային եղբայրութեան եւ միութեան սքանչելի ու պաշտելի ոգիով եւ հայ ժողովուրդի վերածնութեան յուսադրիչ երեւոյթին գիտակից անդրադարձումով եւ շքեղ պանծացումով:
Այժմ կը տօնենք Հայաստանի անկախութեան յիսնամեակը` նոյն համազգային ոգեւորութեամբ, Հայաստանէն մինչեւ հեռաւորագոյն անկիւնները հայ սփիւռքին, հայ ժողովուրդի արդար Դատին եւ իրաւունքին տիրացման հեռանկարով եւ վճռակամութեամբ:
Հայրապետական Մեր այսու պատգամով կոչ կ՛ուղղենք Մեր բոլոր զաւակներուն` ի սփիւռս աշխարհի, վառ պահել ազատութեան եւ անկախութեան գաղափարականն ու տեսիլքը մինչեւ «ՕՐՆ ՀԱՏՈՒՑՄԱՆ», որ անպայման պիտի գայ ու պիտի բանայ նո՛ր էջ հայոց պատմութեան մէջ, նո՛ր դարձակէտ հայ կեանքի մշտահոս եւ մշտանորոգ ընթացքին մէջ:
Կեցցէ՛ Մայիս 28-ը,
Յաւէտ ապրին հերոսները Հայ պայքարին,
Թող բացուին «դռներն յուսոյ»
Երկրին Աւետեաց Հայոց Աշխարհին…:
ԽՈՐԷՆ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
15 յունիս 1968
Անթիլիաս-Լիբանան
Հայ Գրագէտը` Ն. Սարաֆեան
Եւ Հայ Ուսանողները
Գործադուլի պատճառով Փարիզի թերթերը ուշ հասան մեզի:
Մայիս 17-ի «Յառաջ»-էն կը քաղենք:
Գնահատելի աշխատանք մը կը տանին Փարիզի հայ ուսանողները իրենց ինքնատիպ երեկոներով: Դուրս ելլելով սովորական ճամբաներէն եւ մաշած յայտագիրներէ` կը փորձեն նոր բան մը բերել հայ իրականութեան մէջ ու եւրոպական ձեւով ներկայացնել գրական հարցեր:
Այս փորձերու շարքին շատ հետաքրքրական էր այն երեկոն, որ նուիրուած էր Նիկողոոս Սարաֆեանին:
Սարաֆեան վաւերական գրագէտ մըն է: Եթէ անունը շատ չի տեսնուիր` մանաւանդ` վերջերս, մեր մամուլին մէջ, պատճառը կը բխի իր գլխաւոր արժանիքէն` բծախնդրութենէ: Դժուարահաճ` ինքն իրեն հանդէպ, որակը միշտ փոխարինած է քանակը:
Գնահատելի եւ հետաքրքրական երեւոյթ, ինչպէս բացատրեց, միութեան կողմէ, Յարութիւն Քիւրքճեանը, որ այսօր հայ ուսանողական երիտասարդութիւնը ելած է փնտռելու գրական սերունդ մը, որուն ամէնէն հարազատ ներկայացուցիչներէն մէկն է Սարաֆեանը:
Ձեռնարկը յաջող էր իր ամբողջութեան մէջ: Բացման խօսքէն ետք, ուր Յ. Քիւրքճեանը ընտրուած բառերով բացատրեց իրենց սերունդին մօտեցումը Սարաֆեանի, լաւագոյնս պարզելով աշխատանքին իմաստը, Գրիգոր Պըլտեան, ֆրանսերէն, վերլուծեց գրագէտին գործը` մէջբերումներով (հայերէն կամ ֆրանսերէն թարգմանուած):
Ամէնէն հետաքրքրական եւ հիմնական մասը վերջին մասն էր, ուր փորձ մը կը կատարուէր փոէմ ռատիոֆոնիքի ձեւով ունկնդրութեան մը, յաւելեալ` լուսարձակումներ, որոնք կը պատկերազարդէին բանաստեղծութիւնը:
Ձայնագրիչ մեքենայի միջոցով կ՛ըլլար ունկնդրութիւնը` մերթ հայերէն, մերթ ֆրանսերէն, մինչ պաստառին վրայ վառ գոյներով բնանկարներ, մանաւանդ ծովանկարներ, տեսողական տպաւորութիւն մը կ՛աւելցնէին Սարաֆեանի «Միջերկրականի» այնքան խորունկ կտորին վրայ: Բանաստեղծը, ինչպէս մարդը, միշտ առանձին է իր աշխարհին հետ, եւ հաւանաբար լաւ է, որ այդպէս է, քանի որ այդ առանձնութեան շնորհիւ է, որ մանաւանդ իրաւ գրագէտը, ինչպէս է Սարաֆեան, կրնայ տալ իր երազն ու կեանքը: Ամբողջ աշխարհ մըն է, զոր Սարաֆեան պարզեց մեզի առջի գիշեր, այնպէս, ինչպէս ինք կը տեսնէ, կը զգայ:
Հաւանաբար քիչ անգամ, եթէ ոչ` երբեք, գրագէտ մը այնքան ներկայ եղած է, հասարակութեան մտքին ու սրտին, որքան` առջի իրիկուան երեկոյթին, եղաւ բանաստեղծ Սարաֆեան, որ բացակայ էր:
ԹԱՏՐՈՆ
